Սննդաբան Օլկա Ցուրսքայա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ ինչպէս կարելի է միանգամընդմիշտ զանց առնել միջանկեալ սնունդը։ Մասնագէտին խօսքով՝ մարդոց մեծամասնութիւնը կը կարծէ, որ միջանկեալ սնունդը անօթութիւնը յագեցնելու համար է, բայց իրականութեան մէջ այդպէս չէ։ Իւրաքանչիւր միջանկեալ սնունդ կը բարձրացնէ «ինսուլին»ի մակարդակը, ինչ որ կը բարձրացնէ անօթութեան զգացումը։
Բացի ատկէ, արեան մէջ «ինսուլին»ի աւելցած քանակը կը յանգեցնէ հետեւեալ բացասական հետեւանքներուն.
- ճանաչողական գործունէութիւններու վատթարացում
- տագնապի եւ «տիփրեշըն»ի յառաջացում
- քաղցկեղի եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգի բարձրացում
- աւելորդ ճարպի կուտակում
- մկաններու թուլացում
- լեարդին մէջ ճարպի յառաջացում
- տեսողութեան եւ երիկամներու գործունէութեան վատթարացում
Հետեւեալ պարզ յանձնարարութիւնները կը նպաստեն հրաժարելու միջանկեալ սնունդէն
- միջանկեալ սնունդը աւելցնել ճաշին՝ որպէս «տիզըրթ»
- հետեւիլ ցած ածխաջուրերով սննդականոնի
- աւելցնել օգտագործուող ճարպի քանակը
- սննդականոնին մէջ ներառել բջիջանիւթ պարունակող յաւելեալ ուտելիքներ
- չմոռնալ ֆիզիքական «աքթիվութեան» մասին, պէտք է պարբերաբար մարզանք ընել
- ստանալ սննդային մակարդի մէջ գտնուող «քալսիում», «մակնիզիում», «զինք», «քրոմ», վիթամին D եւ վիթամին B1: