Շարք մը գիտական հետազօտութիւններու մէջ հաստատուած է, որ քաղցկեղի զարգացման համար կան քանի մը վտանգաւոր գործօններ: Այդ գործօններէն մէկը կապուած է կենդանական ճարպերու շատ օգտագործումի հետ: Նոյնիսկ եթէ մարդ կը խուսափի տապկուած ուտելիքներէն, բայց պարբերաբար կ՛օգտագործէ իւղոտ եւ ապխտած միս, ուռուցքի զարգացման վտանգը կը բարձրանայ, ըսած է վիրաբոյժ, բժշկական գիտութիւններու թեկնածու Մարք Հաճիյան։
Բժիշկը կոչ չ՛ըներ կտրուկ ձեւով հրաժարելու միսէն, սակայն կը յանձնարարէ օգտագործել չափաւոր քանակութեամբ, այնքան որ կը պահանջէ օրկանիզմը եւ աւելցնել բանջարեղէնի ու պտուղներու օգտագործումը: Քաղցկեղի զարգացման նպաստող միւս հիմնական գործօնը նստակեաց ապրելաձեւն է։ Եթէ մարդ կը վարէ նստակեաց կեանք կամ կը զբաղի աշխատանքով, որ կապուած է ցած ֆիզիքական գործունէութեան հետ, այդ նաեւ զգալի ազդեցութիւն կ՛ունենայ միզասեռային օրկաններու ուռուցքներու յառաջացման վրայ: