Միսի օգտագործումը կրնայ ընդլայնել մահացու վտանգաւոր հիւանդութիւններու, այդ շարքին, սրտանօթային համակարգի խախտումներու յառաջացման վտանգը՝ կը զգուշացնեն Հիւսիսարեւմտեան համալսարանի (ԱՄՆ) գիտնականները:
Այդ եզրակացութիւնները կը հակասեն մէկ այլ գիտական աշխատանքին, որուն համաձայն՝ առողջութեան բարելաւման համար, պէտք չէ նուազեցնել կենդանական ծագումով ուտելիքներու օգտագործումը, յայտնած է EurekAlert!-ը:
Նոր հետազօտութեան մէջ ներառուած են 29 682 մարդու (44.4 առ հարիւրը տղամարդիկ) մասին տուեալներ, որոնց միջին տարիքն է 53: Անոնք տուեալներ ներկայացուցած են իրենց սննդակարգին մասին:
Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ շաբաթական 2 բաժին կարմիր եւ մշակուած միսի (այդ շարքին թռչունի, սակայն ոչ ձուկի) օգտագործումը կապուած է 3-7 առ հարիւրով սրտանօթային հիւանդութիւններու բարձր վտանգի հետ: Բացի ատկէ, 2 բաժին կարմիր եւ մշակուած միսի (բացառութեամբ թռչունի եւ ձուկի) օգտագործումը կապուած է 3 առ հարիւրով մահուան բարձր վտանգի հետ՝ անկախ պատճառներէն:
Գիտնականներու խօսքով՝ հակառակ վտանգի ոչ մեծ յաւելումին, մշակուած միսէն, ներառեալ՝ երշիկեղենէն, պէտք է հրաժարիլ: Մասնագէտները չեն յանձնարարեր նաեւ տապկուած հաւու միս ուտել: