Գիտնականները պարզած են, թէ ինչո՞ւ մկանները չեն վերականգնուիր եւ տարիքի հետ կը քայքայուին, ինչ որ տարեց մարդոց կարելիութիւն կը ստեղծէր աւելի երկար պահպանել ֆիզիքական ուժը: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Journal of Tissue Engineering and Regenerative Medicine ամսագրին մէջ:
Նոթինկհեմի Թրենթ համալսարանի գիտնականները վերլուծած են մկանային բջիջներուն մէջ յայտնաբերուած «ճին»երը՝ պարզելու համար, թէ ինչպէ՞ս ատոնց բնութագիրերը կը տարբերին 20-60 տարեկան մարդոց միջեւ:
30 տարի ետք մկանային զանգուածը կը նուազի մէկ տասնամեակի ընթացքին մօտաւորապէս 3-8 առ հարիւրով, իսկ 60 տարի ետք այդ գործընթացը կ՛արագանայ։
Անոնք բացայայտած են, որ երիտասարդ «ճին»երը զօրաւոր ազդանշաններ կ՛ուղարկեն, որոնք կ՛օգնեն մարմնին ամբողջութեամբ վերականգնելու վնասը, մինչդեռ տարեց բջիջներու «ճին»երը աւելի վատ կը գործեն՝ կանխելով ամբողջական վերականգնումը:
Եզրակացութիւն, «ճին»երու վատ գործունէութիւնը կը յանգեցնէ աւելի բարակ եւ պակաս դիմացկուն «մայոթիւպերու» յառաջացման՝ բջիջներու տեսակ մը, որ կրնայ ամբողջութեամբ վերածուիլ մկանային մանրաթելի։
«Բջիջային գործընթացները եւ վերահսկող ուղիներու զարգացումը տարեց բջիջներու մէջ տարբեր ձեւերով կ՛աշխատին, ատոնց կարգաւորումը կը նուազի, ինչ որ կը նշանակէ, որ տարիքի հետ վերականգնումը կը վտանգուի: Սակայն, եթէ մենք կարենանք հասկնալ այդ ուղիները, կրնանք գտնել նոր բուժում եւ միջամտութիւններ՝ այս խնդիրը մեղմելու համար»,- ըսած է գլխաւոր հետազօտող տոքթոր, Նոթինկհեմի Թրենթ համալսարանի գիտութեան եւ արհեստագիտութեան դպրոցի մկանային-կմախքային կենսաբան Լիվիա Սանթոս։