Տուրմի «էքսթրէքթ»ի օգտագործումը կրնայ նուազեցնել մտային խանգարումներու յառաջացման հաւանականութիւնը՝ կապուած «տեմենշա»ի հետ, բացայայտած են Մասաչուսեցի համալսարանի գիտնականները։ Հետազօտողներու աշխատանքի արդիւնքները հրապարակուած են «The American Journal of Clinical Nutrition» (AJCN) ամսագրին մէջ։
Աշխատանքին մասնակցած է 60 տարեկանէն վեր 600 մարդ, որոնց մօտ բարձր եղած է «տեմենշա»ի յառաջացման վտանգը։ Կամաւորներու կէսը երկու տարուան ընթացքին օգտագործած է 500 միլիկրամ մուգ շոքոլայ՝ քաքաոյի «էքսթրէքթ»ի յաւելումով, միւս կէսը ստացած է դատարկադեղ։ Մասնակիցները նաեւ մտային եւ հոգեբանական շարք մը քննութիւններ կատարած են հետազօտութենէն առաջ եւ յետոյ:
Հետազօտողները յայտնաբերած են հետեւեալը. չնայելով, որ քաքաոյի «էքսթրէքթ»ը չէ բարելաւած տարեց մարդոց մտային ունակութիւնները, որոնք ճիշդ սնուած են, սակայն այն մասնակիցներուն պարագային, որոնք «վատ» սննդային սովորութիւններ ունեցած են եւ օգտագործած են շոքոլայ, հակառակը, նկատուած է մտային քննութիւններու բարելաւում։
Նման արդիւնք կապուած է քաքաոյի մէջ «ֆլաւանոլ»ներու առկայութեամբ։ Կարծիք կայ, որ այդ սննդարար նիւթերը կ՛ընդգրկեն հակաօքսիտանդներ, որոնք հակաբորբոքային յատկութիւններ ունին։ Քաքաոն, մասնաւորաբար, կ՛ընդգրկէ «էփիքաթեչին ֆլաւանոլ»ը, որ, ինչպէս ցոյց տրուած է, կը նուազեցնէ ուղեղի բորբոքումը եւ «տիճենըրէյշըն»ը։
Խումբը յայտնած է, որ անհրաժեշտ են լրացուցիչ հետազօտութիւններ, որպէսզի որոշուի, թէ կրնա՞ն արդեօք քաքաոյի «էքսթրէքթ»ի մեծ չափաբաժինները բարելաւել մտային գործունէութիւնները։ Ստացուած արդիւնքները կը հակասեն այլ տուեալներու, որոնք կը վկայեն այն մասին, որ քաքաոյի «ֆլաւանոլ»ները կրնան բարելաւել յիշողութիւնը եւ նուազեցնել «տեմենշա»ի յառաջացման վտանգը սնունդի որեւէ տեսակ ստացող մարդոց պարագային։