Կլազգոյի համալսարանի եւ Նորվեկիոյ հանրային առողջութեան հիմնարկի հետազօտողները բացայայտած են, որ յղութեան ընթացքին դասական առողջ սննդականոնի սկզբունքներուն հետեւիլը 22 առ հարիւրով կը նուազեցնէ «օթիզմ»ով զաւակ ունենալու հաւանականութիւնը: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են JAMA Network Open ամսագրին մէջ:
Իբրեւ հետազօտական յօդուածի մէկ մասը, գիտնականները կեդրոնացած են սննդարար ուտելուն վրայ, իբրեւ «օթիզմ»ի զարգացման գործօն: «Օթիզմ»ը մտային խանգարումներու խումբ մըն է. անիկա կը բնութագրուի ընկերային փոխազդեցութեան եւ հաղորդակցութեան արժեզրկումներով, որ ուրիշներու հետ տեղեկութիւն փոխանակելու եւ բաժնեկցելու գործընթացն է:
Հետազօտողները վերլուծած են կիներու, որոնք մասնակցած են երկու մեծ հետազօտութիւններու՝ Avon Longitudinal Study of Parents and Children, որ նաեւ յայտնի է իբրեւ 90ականներու փոքրիկներ եւ Նորվեկական Cohort Study of Mothers, Fathers and Children, ապրելակերպի, սննդականոնի եւ յղութեան ընթացքին մասին տեղեկութիւնները: Անոնք ներգրաւած են մօտաւորաւէս 95000 զոյգեր (մայր-զաւակ):
Իբրեւ իրենց վերլուծումին մէկ բաժինը՝ հետազօտողները յայտնաբերած են օրինաչափութիւն մը. այն կիները, որոնք հետեւած են դասական առողջ սննդականոնի, 22 առ հարիւրով աւելի քիչ հաւանականութիւն ունեցած են «օթիզմ»ով զաւակ ունենալու՝ բաղդատելով այն կիներուն հետ, որոնք աւելի նուազ առողջ սննականոնի հետեւած են: