Մօր յետծննդաբերական «սթրես»ը կ՛ազդէ նորածինի մը առողջութեան վրայ, իսկ այդ «սթրես»ին փոխանցման հաւանական միջոցներէն մէկը կուրծքի կաթի բաղադրութեան փոփոխութիւնն է։ Հոլանտացի գիտնականներ որոշած են բացայայտել, թէ ինչպէ՞ս կ՛աշխատի այդ «մեքանիզմ»ը։ Անոնք ուսումնասիրած են յետծննդաբերական մայրական «սթրես»ի կենսաբանական եւ հոգեբանական ազդեցութիւնը կուրծքի կաթի ճարպաթթուներու բաղադրութեան վրայ։
Յայտնի է, որ ճարպաթթուները անհրաժեշտ են մանուկի առողջ զարգացման համար, իսկ ատոնց անբաւարար քանակը սննդաբաժնին մէջ կը բարձրացնէ տարբեր հիւանդութիւններու յառաջացման հաւանականութիւնը աւելի ուշ տարիքին։
Հետազօտութիւնը ներառած է 18 եւ աւելի բարձր տարիքի երիտասարդ մայրեր, որոնք մտադրած էին կուրծքով կերակրել, այնուամենայնիւ, առաջին ամսուան ընթացքին։ Խումբին մէջ կային ինչպէս առողջ, այնպէս ալ բուժում ստացած նորածիններու մայրեր։
Կիներ հարցաթերթիկ մը լեցուցած էին, որ օգնած էր գիտնականներուն որոշելու անոնց տագնապին մակարդակը, յետծննդաբերական «տիփրեշըն»ի առկայութիւնը եւ սնունդ ստանալու բնոյթը։ Հաւաքուած էին նաեւ մազերու, թուքի եւ, բնականաբար, կուրծքի կաթի նմուշներ։
Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ մօր յետծննդաբերական «սթրես»ը կը յանգեցնէ կուրծքի կաթի ընդհանուր, յագեցած, երկարաշղթայ կիսայագեցած, «մօնօյագեցած» եւ օմեկա-6 ճարպաթթուներու խտութեան նուազումին։ Եւ, ըստ հետազօտութեան հեղինակներուն, կուրծքի կաթին մէջ ճարպաթթուներու ցած մակարդակը կրնայ մանուկին փոխանցել «սթրես»ի ազդանշանը։