Պրազիլի մէջ վերջ գտած է «նիվոլումապ»ի՝ մաշկի տարածուած քաղցկեղի բուժման համար դեղի փորձարկումներու երկրորդ փուլը, յայտնած է Medical Xpress-ը։
Դեղի ազդեցութեան մեքանիզմը հիմնուած է մարդու սեփական դիմադրողական համակարգի բջիջներու աշխուժացման բարձրացման վրայ: «Նիվոլումապ»ը «սինթեթիք» հակամարմին մըն է, որ կ՛արգելափակէ «իմիւնային» բջիջներու աշխատանքը «արգելակող» PD-1 ընկալիչի աշխատանքը։
Արդիւնք՝ օրկանիզմը կը սկսի աւելի արդիւնավէտ ձեւով ոչնչացնել «մեթաստազ»ները եւ առաջնային ուռուցքները: Այսպիսի «թերափի»ն կրնայ ունենալ լուրջ կողմնակի ազդեցութիւններ, ուրեմն անիկա կ՛օգտագործուի միայն «ծանր» պարագաներու, երբ այլ միջոցներ չեն կրցած օգնել:
Փորձերուն մասնակցած է 24 հիւանդ։ Բոլոր մասնակիցները երկու շաբաթը անգամ մը մինչեւ քաղցկեղի տարածումը կամ կողմնակի ազդեցութիւններու զարգացումը 3մկ/քկ չափաբաժին «նիվոլումապ» ստացած են։
14 հիւանդին (58.3 առ հարիւր) բուժումը օգուտ տուած է եւ անոնց օրկանիզմը «իմիւնային» պատասխան ցոյց տուած է: Բուժման հետ կապուած ոչ փափաքելի հետեւանքներ նկատուած են վեց հիւանդներու մօտ (25 առ հարիւր), իսկ անոնցմէ մէկը թունաւորումի պատճառով դադրած է «նիվոլումապ» օգտագործել: Այնուամենայնիւ, ճառագայթումի կողմնակի ազդեցութիւնը աւելի արտայայտուած եղած է:
«Այս ուսումնասիրութիւնը կը տրամադրէ յաւելեալ փաստեր, որոնք կը հաստատեն «իմիւնային» կառավարման կէտերու արգելափակիչներու օգտագործումը որպէս «սթանտարտ թերափի»` տափակաբջիջային մաշկի քաղցկեղի համար»,- ըսած է աշխատանքի առաջատար հեղինակ Ռոտրիկօ Ռ. Մունիոզ:
Փորձարկումները միայն ամրապնդած են ուռուցքաբաններու՝ քաղցկեղի ժամանակ «իմիւնային» կառավարման կէտերու տարբեր արգելակիչներու օգտակարութեան մասին կարծիքը: