Յետդաշտանադադարի մէջ գտնուող կիներ աւելորդ կշիռք կ՛ունենան «էսթրոճեն»ի մակարդակի նուազումին պատճառով: Նման եզրակացութեան յանգած են Պեյքըրի սրտի եւ շաքարախտի հիմնարկի գիտնականները։ Հետազօտողներու յօդուածը հրապարակուած է Nature Cardiovascular Research ամսագրին մէջ։
Յայտնի է, որ «էսթրոճեն»ը կ՛օգնէ պաշտպանելու կիներու սրտանօթային համակարգը, սակայն դաշտանադադարէն ետք, երբ օրկանիզմին մէջ հորմոնի մակարդակը կը նուազի, անոնք շարք մը հիւանդութիւններու յառաջացման վտանգին կ՛ենթարկուին:
Գիտնականները սրտին մէջ յայտնաբերած են «էսթրոճենի ռիսեփթըր» մը, որ կը կանոնաւորէ կիներու ճարպակալումը: Հեղինակները արգելափակած են այդ «ռիսեփթըր»ը եւ ակնկալած են փոփոխութիւններ տեսնել առաւելաբար սրտին մէջ: Բայց փոխարէնը անոնք մարմնի զանգուածին մէջ ճարպի բարձրացում նկատած են: Բացի ատկէ, սրտի կրճատման եւ նիւթափոխանակութեան համար անհրաժեշտ «ճին»երը իջած են «էսթրոճեն»ի նուազման հետ միաժամանակ, ինչ որ կը բացատրէ, թէ ինչո՞ւ մասնակիցներուն սրտերը վատ ձեւով մղած են արիւնը:
Ամբողջ հարցը արտաբջիջային «վեսիքըլ»ներուն մէջ է, որոնք դուրս կու գան ցած «էսթրոճեն»ով սրտերէն։ Ատոնք կը պարունակեն սպիտակուցներ, որոնք կը տարբերին ինչպէս վերահսկիչ խումբէն, այնպէս ալ տղամարդոց սրտերէն: Այս մասնիկները նաեւ կմախքի մկանային բջիջները բջիջային «քալչըր»ի մէջ վերածրագրաւորելու ունակութիւն ունին: Այսպիսով, «էնըրճի»ն օգտագործելու փոխարէն անիկա կը կուտակուի, ինչ որ կը բացատրէ էգ մուկերու բարձր ճարպակալումը «էսթրոճեն»ներու քանակի նուազումի պարագային։