Իմիւնոթերափիի նոր մեթոտի մը կիրառումով (փոքր քլինիքական փորձարկում) յետնաղիքի քաղցկեղը ամբողջապէս անհետացած է փորձարկումին մասնակցած բոլոր հիւանդներուն մօտ, կը վկայեն վերջերս հրապարակուած արդիւնքները: Հետազօտութիւնը կատարուած է ամերիկեան «Մեմորիըլ Սլոն Քէթըրինկ» ուռուցքաբանական կեդրոնի եւ GSK դեղագործական ընկերութեան համագործակցութեամբ: Նոր դեղ մը՝ «տոդարլիմապ-gxly»ը փորձարկուած է «ճենեթիք միւթէյշըն»ի հետեւանքով յառաջացած յետնաղիքի քաղցկեղի բուժման համար:
«Իբրեւ բժիշկ՝ ես հիացած եմ MMRd տեսակի քաղցկեղի բուժման համար օգտագործուած «տոդարլիմապ-gxly»ի միջոցէն յետնաղիքի քաղցկեղով հիւանդներու համար,-նշած է MSK «քոլորէքթըլ» քաղցկեղի բաժանմունքի ղեկավար, տոքթոր Անտրէա Չէրչէք:
MMRd կրճատումը կը վերաբերի կացութեան մը, ուր բջիջներու MMR համակարգը պատշաճ ձեւով չի գործեր, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ բջիջներուն մէջ DNAի վերականգնման համակարգը խախտուած է: MMR համակարգը պատասխանատու է DNAի վերարտադրութեան ժամանակ յառաջացող սխալներու յայտնաբերման եւ վերականգնման: Երբ այս համակարգը թերի է, ուրեմն չի կրնար շտկել այդ սխալները, ինչ որ կը յանգեցնէ «միւթէյշըն»ներու կուտակումին բջիջի DNAին մէջ: Այս կրնայ նպաստել քաղցկեղի որոշ տեսակներու զարգացման եւ յառաջընթացին, ներառեալ՝ յետնաղիքի քաղցկեղի կարգ մը տեսակներու: MMRd յաճախ կապուած է յատուկ «ճենեթիք միւթէյշըն»ներու հետ, որոնք կը խախտեն բնական վերականգնման գործընթացը:
Ներկայիս «փաթոլոճին» կը բուժուի ռատիոթերափիով, քիմոթերափիով, վիրաբուժութեամբ կամ վերոնշեալ մօտեցումներու համադրութեամբ:
Տոքթոր Քլելիա Քուցաքի համաձայն, որ չէր մասնակցած հետազօտութեան, թերափին յաճախ շատ բացասաբար կ՛ազդէ հիւանդի մը կեանքի որակին վրայ՝ յառաջացնելով աղիքային խանգարումներ եւ սեռային համակարգի գործունէութեան խախտում:
«Նման ուռուցքներու պարագային, արդիւնաւէտ է «իմիւնոթերափի»ի միջոցով վերաշխուժացնել դիմադրողական համակարգը: Այս պարագային, «տոդարլիմապ»ը դեղ մըն է, որ կ՛արտօնէ «լիմֆոսայթ»ներուն վերաճանչնալ քաղցկեղի բջիջները իբրեւ վնասակար եւ ոչնչացնել զանոնք-,բացատրած է բժիշկ Քուցաք Euronews Healthին տուած հարզացրոյցին ընթացքին:
Վեց ամիս բուժում ստացած հիւանդները ունեցած են ամբողջական քլինիքական պատասխան՝« ուռուցքի ոչ մէկ ապացոյց», MRIի, «էնտոսքոփի»ի, կամ թուային պատկերման վրայ: Տոքթոր Քուցաք արդիւնքները անուանած է «ցնցիչ»:
Յաւելեալ հետազօտութիւններ անհրաժեշտ են մինչեւ «տոդարլիմապ»ի շուկայ հասնիլը: Համաշխարհային հետազօտական ուսումնասիրութիւնը, որ կը կոչուի Azur-1, կը նպատակադրէ հետագային ստուգել դեղին արդիւնաւէտութիւնը իբրեւ քիմոթերափիի կամ վիրաբուժական միջամտութեան այլընտրանք, ինչպէս նաեւ՝ հաստատելու այն դրական արդիւնքները, որոնք նախապէս դիտարկուած էին Մեմորիըլ Սլոն Քէթըրինկ ուռուցքաբանական կեդրոնին մէջ:
Քլինիքական հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է փորձառական իմիւնոթերափիի հարիւր տոկոս դրական արդիւնք՝ յետնաղիքի քաղցկեղի յատուկ տեսակով 42 հիւանդներու մօտ: