Քորոնա Ժահրային վարակէն ետք բաւական մեծ թիւով հիւանդներ կը հանդիպին, այսպէս կոչուած, յետ քովիտային համախտանիշին, որ կ՛արտայայտուի տկարութեամբ, գլխացաւերով եւ այլ անախորժ ախտանշաններով։
Ուաշինկթընի համալսարանի եւ Սիեթլի Շուէտական բժշկական կեդրոնի գիտնականները հետազօտութիւն մը կատարած են, որուն մասնակցած է 18-էն 89 տարեկան 209 հիւանդ։ Անոնք բոլորը COVID-19ով վարակուած են՝ տարբեր աստիճանի ծանրութեամբ։ Գիտնականները անոնց վիճակին հետեւած են վարակուած պահէն՝ ծայրայեղ վարակիչ փուլին եւ բուժուելէն 3 ամիս ետք, փոխանցած է Medportal.ru-ն:
3 ամիսէն ետք, հիւանդներուն 37 առ հարիւրը յայտնած է COVID-19-ի 3 կամ աւելի երկարատեւ ախտանշանի մասին, 24 առ հարիւրը՝ յետ քովիտային համախտանիշի 1-2 նշանի մասին։ Հետազօտելով քննութեան արդիւնքները եւ բոլոր մասնակիցներուն առողջական վիճակը՝ գիտնականները պարզած են, որ գրեթէ բոլոր հիւանդները (95 առ հարիւր) կապուած են 4 կենսաբանական գործօններէն առնուազն 1-ի հետ:
Առաջին գործօնը արեան մէջ քորոնա ժահրային «Ռայպոնիւքլէինաթթու»ի մակարդակն է վարակի կանուխ փուլին։ Որքան բարձր է ժահրային բեռի մակարդակը, այնքան մեծ է հաւանականութիւնը, որ երկարատեւ ախտանշաններ զարգանան՝ որպէս յետ քովիտային համախտանիշի մաս:
Երկրորդ գործօնը, այսպէս կոչուած, «օթօհակամարմին»ներու առկայութիւնն է։ Սովորաբար տարած վարակի դէմ հակամարմինները կ՛արտադրուին, օրկանիզմը՝ յարուցիչի կրկնակի ներխուժումէն պաշտպանելու համար, բայց երբեմն դիմադրողական համակարգը կը խանգարուի եւ կը սկսի «կեղծ» հակամարմիններ արտադրել, որոնք կը սկսին «յարձակումի ենթարկել» առողջ բջիջները՝ որպէս օտար: Ատոնք ընդհանրապէս կը ձեւաւորուին «օթօիմիւն» հիւանդութիւններու պարագային, ինչպէս՝ «ռիմաթոիտ արթրիտ»ը, համակարգային կարմիր գայլախտը եւ այլն:
Երրորդ գործօնը «Էփշթեյն-Տէնս» ժահրի վերաշխուժացումն է՝ ժահր, որ կը վարակէ մարդոց մեծամասնութիւնը, ընդհանրապէս մանկութեան տարիներուն, իսկ յետոյ կ՛անցնի քունի վիճակ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 5 տարեկան փոքրիկներու մօտաւորապէս կէսը եւ մեծերու 90-էն 95 առ հարիւրը տարած վարակի նշաններ ունին: Ժահրը կրնայ «արթննալ» այլ հիւանդութիւններու պատճառով, այս ժահրին վերաշխուժացումը կապուած է այնպիսի պայմաններու հետ, ինչպէս՝ քրոնիկ յոգնածութեան համախտանիշը, որ երկարատեւ COVID-19-ի եւ «մալթիփըլ սքլերոսիզ»ի որոշ դէպքեր կը յիշեցնէ:
Չորրորդ գործօնը 2-րդ տեսակի շաքարախտի առկայութիւնն է. անիկա յայտնաբերուած է յետ քովիտային համախտանիշ ունեցող որոշ մասնակիցներու մօտ։ Ինչպէս յայտնի է, այս հիւանդութիւնը կապուած է քրոնիք բորբոքումի հետ, որ կրնայ նպաստել քորոնա ժահրի երկարատեւ հետեւանքներու զարգացման։