Մեծն Բրիտանիոյ Anglia Ruskin University (ARU) եւ Մեքսիքայի Universidad de las Américas համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ նախաճաշ չընելը կրնայ յանգեցնել 10-17 տարեկան փոքրիկներու եւ դեռահասներու կեանքի բաւարարուածութեան նուազումին: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են BMC Nutrition journalին մէջ:
Հետազօտութեան մասնակցած են 10-էն 17 տարեկան աւելի քան 150 հազար փոքրիկներ եւ դեռահասներ 42 տարբեր երկիրներէ։ Գիտնականները փորձարկուողներէն խնդրած են խօսիլ իրենց ուտելու սովորութիւններուն մասին եւ գնահատել իրենց բարեկեցութեան մակարդակը: Իյայտ եկած է, որ կանոնաւոր նախաճաշելու սովորութիւնը փոխկապակցուած է կեանքէն բաւարարուածութեան մակարդակի հետ. ամէն օր նախաճաշող փոքրիկները աւելի յաճախ յայտնած են, որ կ՛ապրին երջանիկ եւ յագեցած կեանքով:
Կեանքէն բաւարարուածութեան մակարդակները տարբեր էին տարբեր երկիրներու մէջ: Օրինակ՝ Փորթուկալի մէջ այն փոքրիկները, որոնք ամէն օր կը նախաճաշէին, ցոյց տուած են կեանքէն գոհունակութեան ամենէն բարձր մակարդակը, մինչդեռ Ռումանիոյ մէջ, անոնք որոնք զանց առած են իրենց առաջին կերակուրը, ամենէն ցած միաւորները ստացած են:
Գիտնականները նաեւ բացայայտած են, որ անոնք որոնք կանոնաւոր կը նախաճաշէին, ինքնազգացողութեան մակարդակի տարբերութիւններ ունէին։ Անգլիոյ փոքրիկները եւ դեռահասները աւելի յաճախ, քան միւսները, իրենք զիրենք դժբախտ կը կոչէին՝ բացառելով Ռումանիոյ, Հունգարիոյ, Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ կամաւորները:
Գիտնականները նշած են, որ կանոնաւոր նախաճաշը ոչ միայն կ՛ապահովէ անհրաժեշտ «էնըրճի» եւ սնունդ օրկանիզմին համար, այլ նաեւ կ՛օգնէ բարելաւելու ճանաչողական գործառոյթը՝ սորվելու հմտութիւնները եւ կեդրոնացումը: