Քորոնաժահրային վարակումով որոշ հիւանդներու մօտ կրնան դրսեւորուիլ կարգ մը բարդութիւններ, այդ շարքին՝ նեարդաբանական խանգարումներ, ինչպէս վարակուած ըլլալու շրջանին, այնպէս ալ բուժուելէն ետք: Այս մասին յայտնած է նեարդաբան Նէոնիլա Ֆոմինա-Չերթոուսովա, փոխանցած է «Ռոսիյսքայա կազեթան»:
COVID-19-ի պարագային, կրնան յառաջանալ նաեւ կեդրոնական նեարդային համակարգի հետ կապուած խնդիրներ: Աւելին՝ քորոնաժահրով վարակուելու պարագային, կաթուածի զարգացման հաւանականութիւնը կը մեծնայ շուրջ 6 առ հարիւրով:
«Անիկա կրնայ պատահիլ կա՛մ «քովիտ»-ով վարակուելէն ետք 1-3 շաբաթ անց, կա՛մ դառնալ բորբոքումային հիւանդութեան առաջին ախտանիշը»,- ըսած է մասնագէտը:
Խօսելով քորոնաժահրի պատճառով «տեմենշիա»-ի արագ զարգացման մասին, մասնագէտը նշած է, որ «քրոնիք» անօթային խանգարումները կրնան ուղեկցուիլ նաեւ գրգռուածութեամբ, գիտակցութեան կորուստով, ջղակծկումներով կամ հակառակը՝ թուլութեամբ եւ «ափաթիա»ով: Այս մէկը տեղի կ՛ունենայ այն պատճառով, որ ուղեղը չ՛ստանար թթուածինի անհրաժեշտ քանակ:
Նեարդաբանը նաեւ նշած է, որ վտանգի խումբին մէջ են նաեւ երիտասարդ հիւանդները, որոնց մօտ բորբոքումը կրնայ ընթանալ առանց թոքաբորբոքումի, եւ որոնք կրնան նոյնիսկ չկռահել, որ իրենք հիւանդ են:
«Իսկ յետոյ կրնան ընդարմանալ անոնց ձեռքերու դաստակները եւ ոտնաթաթերը»,- պարզաբանած է մասնագէտը: