Անոնց համար, որոնք կը փափաքին կորսնցնել աւելորդ կշիռքը, ճաշի ամենէն բարենպաստ ժամանակը մօտաւորապէս չորսէն հինգ ժամ է նախաճաշէն ետք: Աւելի ուշ կերակուրը կրնայ դժուարացնել սնունդի մարսումը եւ քաջալերել թեթեւ ուտելիքներ ուտելուն կէս գիշերէն առաջ, Daily Mail-ին ըսած է ամերիկացի սննդաբան Լենա Պաքովիչը:
Բժիշկը նշած է, որ եթէ արթննաք առաւօտեան ժամը եօթին, ամենայն հաւանականութեամբ, ցերեկը տասներկուքէն մինչեւ ժամը 1-ը կը զգաք զօրաւոր անօթութիւն։ Պաքովիչը աւելցուցած է, որ երկրորդ հիմնական կերակուրը «յետաձգելը» յաճախ կը յանգեցնէ ճաշը «փախցնելուն» եւ երեկոյեան լիարժէք կերակուրը բարձր քալորի պարունակեղ նախուտեստներով փոխարինելու փորձերուն։
Սննդաբանը անդրադարձած է նաեւ սպանացի գիտնականներու հետազօտութեան արդիւնքներուն, որոնք բացայայտած են, որ անոնք, որոնք ուշ ճաշած են, հանգիստի ժամանակ աւելի քիչ քալորի այրած են, քան անոնք, որոնք կերած են օրուան հիմնական սնունդը մինչեւ ժամը 13:00։ Բացի ատկէ, ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ անոնք, որոնք կերած են 16:30-ին, օրուան ընթացքին արեան շաքարի աւելի շատ խախտուող մակարդակ ունեցած են եւ ածխաջուրերը «էնըրճի»-ի վերածելու համար աւելի երկար ժամանակ պահանջուած է:
Երկար ժամանակ առանց սնունդի մնալը կրնայ յանգեցնել արեան մէջ շաքարի մակարդակի կտրուկ աճի՝ ուտելէն ետք, յատկապէս այն մթերքներու պարագային, որոնք հարուստ են ածխաջուրերով: