Ափրիկէի ամենահոծ բնակչութիւն ունեցող երկիրը՝ Նիճերիան, դարձած է աշխարհի առաջին երկիրը, որ յեղաշրջող պատուաստ թողարկած է «մենինճիթ»ի դէմ. այս մասին տեղեկացուցած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը:
«Մենինճիթ»ը հին եւ մահացու թշնամի է, սակայն այս նոր պատուաստը ունի հիւանդութեան տարածման յետագիծը փոխելու, ապագայ բռնկումները կանխելու եւ շատ կեանքեր փրկելու կարելիութիւն»,- ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրեյեսուս։
«Նիճերիայի պատուաստի ներդրումը մեզ կը մօտեցնէ մեր նպատակին՝ «մենինճիթ»ը վերացնելու մինչեւ 2030 թուական»,-ըսած է ան։
Men5CV պատուաստը կրնայ պաշտպանել մենինճոքոքային մանրէներու հինգ հիմնական շտամներէն՝ A, C, W, Y եւ X, մէկ պատուաստի ստացումով։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ յիշեալ պատուաստը կ՛ապահովէ աւելի լայն պաշտպանութիւն, քան ներկայ պատուաստը, որ կ՛օգտագործուի Ափրիկէի տարածքի մեծ բաժնին մէջ եւ որ արդիւնաւէտ է միայն А շտամի դէմ։
Անցեալ տարի Ափրիկէի մէջ «մենինճիթ»ի պարագաներու թիւը աւելցած էր 50 առ հարիւրով։
Նիճերիան, որու բնակչութիւնը կը կազմէ 220 միլիոն մարդ, 26 երկիրներէն մէկն է, ուր բարձր է «մենինճիթ»ի համաճարակը ափրիկեան մենինճիթային գօտի կոչուող տարածքին մէջ։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը նշած է, որ 153 մարդ մահացած է Նիճերիայի մէջ «մենինճիթ»ի բռնկումին պատճառով՝ հոկտեմբեր 1-էն մինչեւ մարտ 11 երկարող ժամանակաշրջանին։