Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգի իշխանութիւնները արտակարգ դրութիւն յայտարարած են «Փոլիոմայելիթիս»ի բռնկման առիթով, ուր հաստատուած է հիւանդութիւնը կրող մէկ պարագայ: Ապրիլին, հոսող ջուրերէն վերցուած տասնեակ փորձանմուշներ ժահրի գոյութեան վերաբերեալ դրական արդիւնք ցոյց տուած են, տեղեկացուցած է Daily Mailը:
Այս մասին յայտարարած է նահանգապետ Քեթի Հոչուլի աշխատակազմը, որ տեղեկացուցած է, թէ այս քայլը կ՛արտօնէ «նահանգի գործակալութիւններուն ձեռնարկել համապատասխան միջոցներ՝ տեղական իշխանութիւններուն եւ մասնաւոր անձերու օգնութիւն ցուցաբերելու, որպէսզի պատրաստուին արտակարգ դրութեան եւ արձագանգեն, որմէ ետք կարենան վերականգնիլ»։
Ժահրով հիւանդանալու պարագայ առաջին անգամ յայտնաբերուած է Ռոքլենտ «օքրուկ»ի մէջ՝ Նիւ Եորքի Պրոնքս շրջանէն ոչ շատ հեռու, Յուլիս 21-ին։ Հոսող ջուրերու վերահսկման համակարգը նոյնպէս ժահր յայտնաբերած է քաղաքին մէջ եւ մերձակայ Օրէյնճ եւ Սուլիվան «օքրուկ»ներուն մէջ։ Պաշտօնական անձեր յայտարարած են, որ Նասօ «օքրուկ»ը, որ նոյնպէս կը գտնուի Նիւ Եորքէն ոչ շատ հեռու, իր հոսող ջուրերուն մէջ ժահր յայտնաբերած է։
Օգոստոսին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնները տեղեկացուցած էին, որ հետագայ քննութեան ընթացքին Նիւ Եորքի մէջ յայտնաբերուած է ժահրի առնուազն 21 դրական նմուշ։ Նմուշներէն մէկը ստացուած է ապրիլին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կործանարար ժահրը մինչեւ յայտնաբերուիլը կրնայ շրջանառութիւն կատարել քանի մը ամիս։
Ռոքլենտ «օքրուկ»ի պաշտօնեայ մը նախազգուշացուցած էր, թէ հակառակ որ ներկայ պահուն յայտնաբերուած է հիւանդութեան միայն մէկ պարագայ, Նիւ Եորքի վարակուած բնակիչներու իսկական թիւը կրնայ հասնիլ հազարներու։
Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնի տուեալներով՝ «Փոլիոմայելիթիս»ով վարակման 1900 պարագայէն միայն մէկը չպատուաստուած մարդոց մօտ կրնայ յանգեցնել կաթուածահարման։ Պաշտօնեաները կը հաւաստիացնեն, թէ պատուաստուածները անհանգստանալու կարիք չունին այս բռնկման հետ կապուած։
Ամերիկացիներու աւելի քան 90 առ հարիւրը կը պատուաստուի երկու տարեկանին, եւ շատերը պէտք է պատուաստուած ըլլան պետական դպրոց յաճախելու համար։ «Փոլիոմայելիթիս»ի դէմ պատուաստումներ չկան. պատուաստումը մանուկ հասակին պաշտպանութիւն կ՛ապահովէ ամբողջ կեանքի տեւողութեան համար։