Խումբ մը գանատացի եւ ֆրանսացի հետազօտողներու համաձայն, հորիզոնին մէջ երեւցող մուգ ամպերը չարագուշակ են ոչ այն պատճառով, որ անոնք ազդանշան են մօտալուտ փոթորիկի մը մասին, այլ՝ որովհետեւ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութեան մը մէջ բացայայտուած է, որ անոնք դեղակայուն պաքթիրիաներ կը տեղափոխեն երկար հեռաւորութիւններու վրայ։ Այս մասին հրապարակուած է Science of The Total Environment ամսագրին մէջ, տեղեկացուցած է AFP-ն։
«Մանրէները սովորաբար կ՛ապրին բուսականութեան, օրինակ՝ տերեւներու մակերեսին կամ հողին մէջ։ Մենք յայտնաբերած ենք, որ ատոնք քամիի միջոցով կը տարածուին մթնոլորտին մէջ եւ կրնան ճամբորդել ամբողջ աշխարհի մէջ՝ մեծ հեռաւորութիւններ կտրելով, նաեւ մեծ բարձրութիւններու՝ ամպերու մէջ»,- ըսած է հետազօտութեան յառաջատար հեղինակ Ֆլորենթ Ռոսին։
Գիտնականները ուսումնասիրած են նմուշներ մթնոլորտային հետազօտութիւններու կայանէն (1465 մեթր բարձրութեան վրայ) կեդրոնական Ֆրանսայի ոչ աշխուժ հրաբուխի գագաթին։ Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ ամպերը պարունակած են, մէկ միլիլիթր ջուրի համար, 330-էն մինչեւ աւելի քան 30 հազար մանրէներ, միջինը՝ մօտաւորապէս ութ հազար մանրէ մէկ միլիմեթրի համար։
Կենսաբանները նաեւ յայտնաբերած են antibiotic-resistant ճիներու 29 ենթատեսակ պաքթիրիաներուն մէջ։ Դեղերու հանդէպ կայունութիւնը կը յառաջանայ այն ժամանակ, երբ մանրէները կ՛ենթարկուին հակապայոթիքներու ազդեցութեան եւ «դիմադրողականութիւն» ձեռք կը ձգեն ատոնց հանդէպ քանի մը «սերունդի» ընթացքին։
Գիտնականներու կարծիքով՝ վտանգը ընդհանուր առմամբ ցած կը մնայ, որովհետեւ մանրէներուն մեծ մասը չի կրնար գոյատեւել ամպերուն մէջ։ Սակայն մթնոլորտի «մոնիթորինկ»ը կրնայ օգնել որոշելու անոնց աղբիւրները՝ տարածումը սահմանափակելու համար։