Օրուան ընթացքին, պարբերաբար նոյնիսկ մէկ վայրկեան քալելը կրնայ առողջարար արդիւնք ունենալ, յայտնած են Քոլոմպիայի համալսարանի հետազօտողները։
Գիտնականները շատ անգամ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած են առողջութիւնը բարելաւելու պարզ եւ անվճար միջոցի՝ քալելու վրայ, տեղեկացուցած է ScienceDaily-ն։ Հետազօտողները բացայայտած են, որ քալելու նոյնիսկ մէկ վայրկեանը օրուան ընթացքին կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ արեան մէջ շաքարի մակարդակի եւ արեան ճնշման վրայ։
Մասնագէտները նշած են, որ շարժելու պակասը զանգուածային «թրենտ» դարձած է, որուն որոշ չափով նպաստած է քովիտի համավարակը։ Գիտնականները ընդգծած են, որ մարզանքով զբաղիլը սակաւ արդիւնաւէտ է, եթէ, օրինակ, մարդ օրուան մեծ մասը կ՛անցընէ նստած։ Անոնք առաջարկած են միշտ ֆիզիքական «աքթիվութիւն» գործադրել, նոյնիսկ եթէ անիկա ժամանակի առումով երկարատեւ չըլլայ։
«Եթէ աշխատանքային օրուան ընթացքին, ամէն կէս ժամը անգամ մը, հինգ վայրկեան տեւողութեամբ զբօսանք կատարուի, ապա «աքթիվութեան» այդ տեսակը կ՛օգնէ նուազեցնելու արեան մէջ շաքարի մակարդակը եւ զարկերակային ճնշումը, ինչպէս նաեւ կը յանգեցնէ տրամադրութեան բարելաւման եւ յոգնածութեան զգացողութեան նուազեցման»,- ըսած են հետազօտողները։
Անոնք աւելցուցած են, որ քալելու որոշ օգտակար «էֆեքթ»ը կը զգացուի նոյնիսկ այն պայմաններուն մէջ, երբ մարդ կը քալէ մէկ վայրկեան, բայց այդ մէկը կ՛ընէ իւրաքանչիւր կէս կամ մէկ ժամը անգամ մը։