Հոնքոնկի համալսարանէն գիտնականներ նոր դեղ մը յայտնաբերած են, որ կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ «քորոնա» ժահրին դէմ: Անոնց հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Nature Microbiology»-ին մէջ:
Մասնագէտները յայտնաբերած են, որ RBC դեղը, որ կը կիրառուի խոցի դէմ, կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ SARS-CoV-2-ի դէմ:
Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ այն աւելի քան 1000 անգամ կը նուազեցնէ «քորոնա» ժահրով վարակուած բջիջներուն մէջ ժահրային ծանրաբեռնուածութիւնը, ինչպէս նաեւ կը մեղմացնէ թոքաբորբոքումը: Աւելին, այն զգալիօրէն կը նուազեցնէ հիմնական հակաբորբոքային «սայթոքին»-ներու (օրկանիզմի տարբեր բջիջներու կողմէ «սինթեզուող», այլազան յատկութիւններով եւ կատարումներով օժտուած, միջբջջային փոխազդեցութեան սպիտակուցային բնոյթի միջնորդներ) եւ ծանր պարագաներու «հիմոքին»ներու մակարդակը վարակուած կենդանիներու մօտ:
Յատկանշական է նաեւ այն, որ RBC-ն կը դրսեւորէ ցած «սայթոթոքսիսիթի», իսկ «սիլեքթիվութեան» ինտեքսը հաւասար է 975-ի: Այդպիսով, այդ դեղը աւելի անվտանգ է, քան «ռեմտեսիվիր»-ը՝ «քորոնա» ժահրին դէմ մէկ այլ բարենպաստ դեղ մը, որ ունի «սելեքթիվութեան» ցած ինտեքս, որ հաւասար է 129-ի: