Ընդհանուր ակնարկ
Շագանակագեղձի քաղցկեղը քաղցկեղ մըն է, որ կը յառաջանայ շագանակագեղձին մէջ: Շագանակագեղձը սերմնահեղուկ արտադրող ընկուզաձեւ փոքրիկ գեղձ մըն է տղամարդոց մարմնին մէջ, որ կը սնուցանէ եւ կը տեղափոխէ սերմը:
Շագանակագեղձի քաղցկեղի շատ տեսակներ դանդաղօրէն կ՛աճին եւ կը սահմանափակուին այս գեղձով, լուրջ վնաս չպատճառելով: Անոնք կրնան նուազագոյն կամ նոյնիսկ բուժման կարիքը չունենալ, իսկ այլ տեսակներ «ակրեսիւ» են եւ կրնան արագ տարածուիլ:
Շագանակագեղձի քաղցկեղը, որ կանուխ կը յայտնաբերուի, այսինքն երբ տակաւին կը գտնուի միայն շագանակագեղձին մէջ, ունի յաջող բուժման լաւագոյն կարելիութիւնը:
Ախտանշաններ
Իր կանուխ փուլերուն մէջ, շագանակագեղձի քաղցկեղը կրնայ որեւէ նշան կամ ախտանշան չյառաջացնել:
Շագանակագեղձի քաղցկեղը, որ աւելի զարգացած է, կրնայ ցոյց տալ նշաններ եւ ախտանշաններ, ինչպէս՝
- Միզելու դժուարութիւն.
- Ուժի նուազում մէզի հոսքին մէջ.
- Արիւն մէզին մէջ.
- Արիւն սերմնահեղուկին մէջ.
- Ոսկրային ցաւ.
- Կշիռքի կորուստ առանց ջանք թափելու.
- Առնանդամի անգործունէութիւն
Ե՞րբ դիմել բժիշկի
Ժամադրուեցէ՛ք ձեր բժիշկին հետ, եթէ ունիք յարատեւ նշաններ կամ ախտանշաններ, որոնք կ՛անհանգստացնեն ձեզ:
Պատճառներ
Յստակ չէ, թէ ի՞նչը կը յառաջացնէ շագանակագեղձի քաղցկեղ։
Բժիշկներ գիտեն, թէ շագանակագեղձի քաղցկեղը կը սկսի, երբ շագանակագեղձի բջիջներ կը սկսին զարգացնել փոփոխութիւններ իրենց DNAին մէջ: Բջիջի մը DNAը կ՛ընդգրկէ հրահանգներ, որոնք բջիջին կը թելադրեն, թէ ինչ ընէ: Փոփոխութիւնները կը հրահանգեն բջիջներուն, որ աճին եւ բաժնուին աւելի արագ, քան այն ինչ որ կ՛ընեն բնական բջիջները: Ոչ բնական բջիջները կը շարունակեն ապրիլ, երբ այլ բջիջներ կը մեռնին:
Կուտակուող անբնական բջիջները կը կազմեն ուռուցք մը, որ կրնայ աճիլ՝ ներխուժելով մօտակայ հիւսուածք: Ժամանակի ընթացքին կարգ մը անբնական բջիջներ կրնան «փախչիլ» եւ տարածուիլ (մեթասթազ ըլլալ) մարմնի այլ բաժիններ:
Վտանգի գործօններ
Գործօններ, որոնք կրնան բարձրացնել շագանակագեղձի քաղցկեղի վտանգը, կը ներառեն.
- Մեծ տարիքը. շագանակագեղձի քաղցկեղի վտանգը կը բարձրանայ տարիքի բերումով․ աւելի յաճախ կը պատահի 50 տարեկանէն ետք:
- Ցեղը. մինչեւ օրս չյայտնաբերուած պատճառներով սեւամորթները շագանակագեղձի քաղցկեղի աւելի մեծ վտանգի հաւանականութիւն ունին, քան այլ ցեղերու մարդիկ: Նոյնպէս՝ սեւամորթ մարդոց մօտ շագանակագեղձի քաղցկեղը աւելի հաւանական է, որ ըլլայ «ակրեսիւ» կամ յառաջացած փուլի մէջ:
- Ընտանեկան պատմութիւնը. եթէ արիւնակիցներէն մէկը, օրինակ՝ ծնող, եղբայր կամ զաւակ ախտորոշուած է շագանակագեղձի քաղցկեղով, վտագը կրնայ բարձրանալ: Նաեւ, եթէ ունիք ծիներու ընտանեկան պատմութիւն, որոնք կը բարձրացնեն կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգը (BRCA1 կամ BRCA2) կամ կրծքագեղձի քաղցկեղի շատ զօրաւոր ընտանեկան պատմութիւն, շագանակագեղձի քաղցկեղի վտանգը կրնայ աւելի բարձրանալ:
- Գիրութիւնը. գիրութիւն ունեցող մարդիկ կրնան շագանակագեղձի քաղցկեղի աւելի բարձր վտանգի հաւանականութիւն ունենալ՝ բաղդատելով այն մարդոց հետ, որոնք կը նկատուին որպէս առողջ կշիռք ունեցողներ, թէեւ ուսումնասիրութիւններ խառն արդիւնքներ ցոյց տուած են: Գէր մարդոց պարագային քաղցկեղը աւելի «ակրեսիւ» ըլլալու եւ սկզբնական բուժումէն ետք ետ սկսելու աւելի բարձր հաւանականութիւն կրնայ ունենալ։
Բարդութիւններ
Շագանակագեղձի քաղցկեղի եւ անոր բուժման բարդութիւնները կը ներառեն.
– Քաղցկեղ, որ կը տարածուի (մեթասթազ). շագանակագեղձի քաղցկեղը կրնայ տարածուիլ դէպի մօտակայ օրկաններ, օրինակ՝ միզապարկ, կամ անցնիլ արեան կամ աւշային համակարգի միջոցով դէպի ոսկորներ կամ այլ օրկաններ: Շագանակագեղձի քաղցկեղը, որ կը տարածուի դէպի ոսկորները կրնայ ցաւ պատճառել եւ կոտրուածք։
Երբ շագանակագեղձի քաղցկեղը կը տարածուի մարմնի այլ բաժինները, անիկա կրնայ շարունակել արձագանգել բուժման եւ վերահսկուիլ, բայց դժուար թէ բուժուի:
– Անմիզապահութիւն. թէ՛ շագանակագեղձի քաղցկեղը, թէ՛ բուժումը կրնան յառաջացնել միզուղիներու անզսպուածութիւն: Անմիզապահութեան բուժումը կախեալ է քաղցկեղի տեսակէն, ծանրութեան աստիճանէն եւ ժամանակի ընթացքին անոր բարելաւման հաւանականութենէն: Բուժման տարբերակները կրնան ներառել դեղորայք, միզային խողովակի մէջ մղելու գործիք եւ վիրահատութիւն:
– Առնանդամի անգործունէութիւն. անգործունէութիւնը կրնայ յառաջանալ շագանակագեղձի քաղցկեղէն կամ անոր բուժումէն, ներառեալ վիրահատութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ճառագայթային կամ «հորմոնըլ» բուժումները: Առնանդամի անգործունէութեան բուժման համար հասանելի են դեղեր, «վեքիում» սարքեր, ինչպէս նաեւ՝ վիրահատութիւն՝ առնանդամի անգործունէութիւնը բուժելու համար:
Կանխարգիլում
Կարելի է նուազեցնել շագանակագեղձի քաղցկեղի վտանգը.
Ընտրելով առողջ սննդականոն՝ լեցուն պտուղներով եւ բանջարեղէնով․ ուտել այլազան պտուղներ, բանջարեղէններ եւ ամբողջական հացահատիկներ: Պտուղները եւ բանջարեղէնները կը պարունակեն շատ վիթամիններ եւ սննդարար նիւթեր, որոնք կրնան նպաստել առողջութեան:
Թէ արդեօ՞ք կարելի է կանխել շագանակագեղձի քաղցկեղը սննդականոնի միջոցով, տակաւին վերջնականապէս ապացուցուած չէ: Սակայն առողջ սննդականոնի հետեւիլը այլազան պտուղներ եւ բանջարեղէններ ուտելով կրնայ բարելաւել ընդհանուր առողջութիւնը:
Օգտագործելով սննդարար ուտելիքներ յաւելուածներու փոխարէն․ ոչ մէկ ուսումնասիրութիւն ցոյց տուած է, որ յաւելուուածները դեր ունին շագանակագեղձի քաղցկեղի վտանգի նուազեցման գործին մէջ: Փոխարէնը, ընտրել վիթամիններով եւ հանքանիւթերով հարուստ ուտելիքներ, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել վիթամիններու առողջ մակարդակը մարմնին մէջ:
Մարզանք ընելով շաբթուան օրերուն մեծ մասը․ մարմնամարզութիւնը կը բարելաւէ ընդհանուր առողջութիւնը, կ՛օգնէ պահպանելու կշիռքը եւ կը բարելաւէ տրամադրութիւնը: Փորձել մարզանք ընել շաբթուան օրերուն մեծ մասը։ Եթէ նոր մարզանք կ՛ընէք, սկսեցէք դանդաղ եւ ամէն օր շարունակեցէք յաւելեալ վարժութիւններ կատարել:
Պահպանելով մարմնի առողջ կշիռք․ եթէ անհատի մը ընթացիկ կշիռքը առողջ է, աշխատիլ պահպանել զայն՝ ընտրելով առողջ սննդականոն եւ մարզանք ընելով շաբթուան օրերուն մեծ մասը: Եթէ անհրաժեշտ է կշիռք կորսնցնել, աւելցնել ֆիզիքական վարժութիւնները եւ նուազեցնել քալորիներու քանակը: Հարցնել բժիշկին կշիռքի կորուստի յարմար ծրագիր մշակելու մասին:
Խօսելով բժիշկին հետ շագանակագեղձի քաղցկեղի բարձր վտանգի մասին․ եթէ ունիք շագանակագեղձի քաղցկեղի շատ բարձր վտանգ, բժիշկին հետ կարելի է նկատի ունենալ դեղորայք կամ այլ բուժումներ՝ վտանգը նուազեցնելու համար: Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ «5-ալֆա ռիտաքթէյզ ինհիպիթըր»ներու ընդունումը, ներառեալ «ֆինասթերայթ»ը (Propecia, Proscar) եւ «տութասթերայտ»ը (Avodart), կրնան նուազեցնել շագանակագեղձի քաղցկեղի զարգացման ընդհանուր վտանգը: Այս դեղերը կ՛օգտագործուին շագանակագեղձի ընդլայնման եւ մազաթափութեան դէմ պայքարի աշխատանքին համար:
Այնուամենայնիւ, որոշ ապացոյցներ ցոյց կու տան, որ վերոնշեալ դեղերը օգտագործող մարդիկ կրնան շագանակագեղձի քաղցկեղի աւելի լուրջ ձեւի զարգացման վտանգ ունենալ: Եթէ մտահոգուած էք շագանակագեղձի քաղցկեղի զարգացման վտանգով, խօսեցէք ձեր բժիշկին հետ: