«Իմիւնոլոկ» գիտնականներ կը զգուշացնեն, որ COVID-ը տակաւին կրնայ վերածուիլ ծանր վարակիչ հիւանդութեան, որ աւելի ծանր կ՛անցնի, քան նախապէս էր եւ կրնայ անհանգստացնել մարդուն քանի մը շաբաթով, կը յայտնէ BBC-ն։
Թէ ինչպէ՞ս մենք կը զգանք COVID-ով վարակուելէն ետք, թելադրուած է ժահրին եւ մեր մարմնի պաշտպանողական մեքանիզմներուն միջեւ պայքարի ընթացքով։
Հիւանդութեան ամէնէն կանուխ փուլերը ճակատագրական են, որովհետեւ ատոնք կ՛որոշեն, թէ որքա՛ն ամուր կրնայ ժահրը տեղաւորուիլ մեր մարմնին մէջ եւ որքա՛ն ծանր կ՛ըլլան ատոր հետեւանքները:
Այս պայքարի արդիւնքը կախեալ է այն բանէն, թէ որքան զօրաւոր կամ տկար է մեր դիմադրողականութիւնը եւ թէ ժահրի ո՞ր տարատեսակը մտած է մեր օրկանիզմին մէջ։
Էտինպըրկի համալսարանի «իմիւնոլոկ», փրոֆեսոր Էլիոնորա Ռայլի COVID-ով վարակուած ըլլալու շատ ծանր ընթացք ունեցած է. ան կ՛ըսէ, որ հիւանդութիւնը «շատ աւելի վատն է», քան ինք կը կարծէր:
«Մարդոց մօտ COVID-ի հակամարմիններու մակարդակը, հաւանաբար, հիմա այնքան ցած է, որքան մինչեւ պատուաստներու մեկնարկը»,- ըսած է ան:
Հակամարմինները նման են «մայքրոսքոփիք» հրթիռներու, որոնք կը փակին ժահրի մակերեսին եւ չեն արտօներ անոր վարակելու մեր մարմնի բջիջները:
Այսպիսով, եթէ դուք ունիք շատ հակամարմիններ, ատոնք կրնան արագ ոչնչացնել ժահրը եւ այդ պարագային որեւէ վարակ կարճատեւ եւ դիւրին ընթացք կ՛ունենայ։
«Այժմ, քանի որ հակամարմիններու մակարդակը աւելի ցած եղած է, ժահրի աւելի մեծ չափաբաժին կը մտնէ՝ յառաջացնելով հիւանդութեան աւելի ծանր ընթացք», – կ՛ըսէ փրոֆեսոր Ռայլին:
Մարդոց մեծամասնութեան հակամարմիններու մակարդակը համեմատաբար ցած է ճիշդ հիմա, որովհետեւ մեզմէ շատեր ունեցած են մեր վերջին պատուաստը COVID-ի դէմ բաւական ժամանակ առաջ: Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, եթէ դուք երիտասարդ եւ առողջ էիք, ձեզի առաջարկուած է միայն երկու չափաբաժին եւ խթանիչ: Շատեր նաեւ վերջերս չեն ունեցած քորոնաժահր եւ իւրաքանչիւր նման հիւանդութիւն նաեւ կը բարձրացնէ դիմադրողականութիւնը։
Փրոֆեսոր Փիթըր Օփենշոուն՝ Լոնտոնի Կայսերական քոլեճէն, ինծի ըսաւ. «Գործօնը, որ նախապէս հսկայական տարբերութիւն կը ստեղծէր, պատուաստներու շատ լայն եւ արագ բաշխումն էր: Նոյնիսկ երիտասարդները կրցան պատուաստուիլ եւ այդ մէկը հսկայական տարբերութիւն ունեցաւ իրավիճակին վրայ»:
Փրոֆեսորը կ՛ըսէր, որ ինք վատագոյն «սենարիօ»-ներու սիրահար չէ, բայց կը կարծէ, որ արդիւնքը այժմ կ՛ըլլայ «շատ մարդիկ կը հիւանդանան, ինչ որ անոնց շարքէն դուրս կը բերէ օրերով կամ շաբաթներով»:
Օփենշոուի համաձայն՝ եթէ նախորդ տարուան ընթացքին չէք ունեցած COVID, ապա մօտիկ ապագային աւելի հաւանական է, որ վարակուիք։
Փոխուած է ոչ միայն պատուաստներու ռազմավարութիւնը, կը փոխուի նաեւ ժահրը։ Եթէ դուք շատ լուրջ հիւանդ էք COVID-ով կամ աւելի ծանր, քան նախապէս, ապա հնարաւոր պատճառը հակամարմիններու տկարութեան եւ փոխուող ժահրերու համակցութիւնն է։
Բայց այդ չի նշանակեր, որ այժմ աւելի հաւանական է, որ դուք կը յայտնուիք ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ կամ կը յայտնուիք հիւանդանոցի մէջ:
Երբ վարակը արդէն ներթափանցած է օրկանիզմ, կ՛աշխուժանայ մեր դիմադրողական համակարգի մէկ այլ բաղադրիչ՝ այսպէս կոչուած T բջիջները, որոնք արդէն «մարզուած են» անցեալի վարակներու եւ պատուաստներու միջոցով։
Այսպիսով, ի՞նչ պատահեցաւ այն կանխատեսումին, որ COVID-ը, ի վերջոյ, կը դառնայ մեղմ եւ անվնաս վարակ: Կան եւս չորս COVID-ի հետ կապուած քորոնաժահրեր, որոնք կը վարակեն մարդոց եւ կը յառաջացնեն հիւանդութեան ախտանիշներ: Պատճառներէն մէկը, թէ ինչո՞ւ ատոնք կը նկատուին թեթեւ, այն է, որ մենք կը վարակուինք ատոնցմով մանկութեան տարիներուն, այնուհետեւ մեր կեանքի ընթացքին քանի մը անգամ:
Փրոֆեսոր Օփենշոուն կը բացատրէ, որ այդ մէկը տակաւին տեղի չէ ունեցած COVID-ի հետ (այս կէտը տակաւին հեռու է, բայց իւրաքանչիւր յաջորդ վարակի պարագային մենք պէտք է լրացուցիչ բնական դիմադրողականութիւն ձեւակերպենք: