Նոր հետազօտութիւն մը յայտնաբերած է, որ կիներ, որոնք օրական առնուազն մէկ անգամ քաղցրացուած ըմպելիք կը խմեն, հինգ անգամ աւելի ենթակայ են բերանի խոռոչի քաղցկեղ զարգացնելու, քան անոնք, որոնք ընդհանրապէս կը խուսափին քաղցր ոչ ալքոլային ըմպելիքներէն:
Ուաշինկթընի համալսարանի հետազօտութիւնը կատարուած է բերանի խոռոչի քաղցկեղի պարագաներու տագնապալի աճի նկատումով, հիմնականին մէջ երիտասարդ, չծխող եւ չխմող հիւանդներու շրջանակին մէջ, որոնք չունին վտանգի այլ գործօններ:
Տասնամեակներ շարունակ բերանի խոռոչի քաղցկեղը հիմնականին մէջ կապուած էր տարեց տղամարդոց հետ, որոնք ենթարկուած էին յայտնի քաղցկեղածին նիւթերու, այդ շարքին՝ ծխախոտին, ալքոլին եւ «արեքայի ընկոյզի ծամումին»: Այնուամենայնիւ, հակածխախոտային պայքարի արշաւներու աճին հետ մէկտեղ, ծխելու հետ կապուած բերանի խոռոչի քաղցկեղի ընդհանուր դէպքերը հաստատ կերպով կը նուազին արեւմտեան երկիրներու մէջ:
Ամենամեծ մտահոգութիւնը, սակայն, ամբողջ աշխարհի մէջ արգանդի պարանոցի քաղցկեղի դէպքերու աճն է չծխողներու, յատկապէս երիտասարդ սպիտակամորթ կիներու շրջանակին մէջ: Այս աճի պատճառը անյայտ կը մնայ, բայց հաւանական բացատրութիւն մը կրնայ ըլլալ մարդու «փափիլոմաժահր»-ը (HPV)՝ ընդհանրացած սեռային ճամբով փոխանցուող վարակը:
Ուաշինկթընի համալսարանի հետազօտութիւնը, որ հրապարակուած է JAMA Otolaryngology–Head & Neck Surgery-ին մէջ, յայտնաբերած է, որ շաքարաւազ ըմպելիքներու մեծ քանակը կապուած է կիներու մօտ բերանի խոռոչի քաղցկեղի յառաջացման վտանգին հետ՝ անկախ անոնց ծխելու կամ խմելու սովորութիւններէն:
Քաղցրացուած ըմպելիքները ուսումնասիրուած են «քոլորեքթալ» եւ ստամոքս-աղիքային այլ քաղցկեղներու հետ ունեցած իրենց կապին համար, սակայն նախապէս երբեք չեն հետազօտուած գլխու եւ պարանոցի քաղցկեղի հետ կապուած:
Տոքթոր Պրիթընի Պարպըրի հանաձայն՝ հետազօտութեան առաջատար հեղինակ եւ Ուաշինկթընի համալսարանի բժշկական դպրոցի՝ քիթ-կոկորդ-ականջի, ինչպէս նաեւ գլխու եւ պարանոցի վիրաբուժութեան ամպիոնի գործընկեր փրոֆեսոր, բացայայտումները կրնան օգնել նոր ուղղութիւն տալու կիներու մօտ բերանի խոռոչի քաղցկեղի պատճառները որոնելու հարցին մէջ:
«Բերանի խոռոչի քաղցկեղը աւելի նուազ ընդհանրացած է, քան կրծքագեղձի կամ հաստ աղիքի քաղցկեղը, որ կը գնահատուի տարեկան 4-էն 4,3 դէպք 100,000 մարդու հաշիւով: Այնուամենայնիւ, դէպքերը աճ կ՛արձանագրեն այն կիներու շրջանակին մէջ, որոնք ոչ կը ծխեն, ոչ ալ կը խմեն»,- նշած է տոքթոր Պարպըրը: