Որոշ ուտելիքներ կրնան օգնել ճաղատացման դէմ պայքարին մէջ: Այսպէս կը կարծէ սննդաբան Ռայան Ռաման (Նոր Զելանտա):
«Մենք չենք կրնար վերահսկել կարգ մը գործօններ, ինչպէս՝ տարիքը եւ ժառանգականութիւնը, բայց կրնանք փոխել մեր սննդակարգը: Հաւասարակշռուած սննդականոնը, որ կը պարունակէ սննդարար նիւթեր, կը նպաստէ մազի աճին, յատկապէս այն պարագաներուն, երբ մազը կը թափի վատ սնունդի պատճառով»,- ըսած է մասնագէտը:
Սննդաբանին կարծիքով՝ մազաթափութեան պարագային օգտակար է «ավոքատօ» ուտելը, որ հարուստ է վիթամին E-ով: Այս վիթամինը գլխամաշկը կը պաշտպանէ վնասուածքներէն եւ թթուային սթրեսէն: Ռամանի խօսքերով՝ մէկ «ավոքատօ»-ն կը պարունակէ վիթամին E-ի օրական չափաբաժինի մօտաւորապէս 20%-ը:
Ճաղատութեան դէմ պայքարի մէկ այլ միջոց է անուշ գետնախնձորը: Ըստ սննդաբանին, այս մշակաբոյսը «պեթաքարոթին»-ի հիանալի աղբիւր է եւ կրնայ արագացնել մազի աճը: