Լեարդը կը կատարէ քանի մը կարեւոր պաշտօն օրկանիզին մէջ՝ կ՛արտադրէ լեղի, դուրս կը բերէ թոյները, կը միացնէ, բաղկացուցիչ տարրերը, կը պահէ վիթամինները եւ «մայքրօ-էլէմընթ»-ները: Սակայն, կան ուտելիքներ, որոնք բացասաբար կ՛ազդեն լեարդի աշխատանքներուն վրայ, կը շեշտէ սննդագէտ Եւա Ռոտրիկէզ:
Ուտելիքներու «սեւ ցուցակին վրայ» առաջին տեղը կը գրաւէ ալքոլը, որուն՝ լեարդին վրայ բացասական ազդեցութեան մասին շատոնց յայտնի է: Անիկա նաեւ կրնայ յառաջացնել լեարդի ճարպային հիւանդութիւն:
Վերամշակուած ուտելիքները, այդ շարքին՝ քաղցրաւենիքի խմորեղէնները եւ ընդհանրապէս քաղցրեղէնները, նոյնպէս վնասակար են լեարդին համար, որովհետեւ ատոնք կը նպաստեն ճարպային կուտակումներու գոյացումին լեարդի շրջանին մէջ եւ ներքին օրկաններու հետ յարաբերուող ճարպակալումի զարգացման (մէջքի շրջանին մէջ ճարպի կուտակում, որ առողջութեան համար ամէնէն վտանգաւոր տեսակն է ճարպակալումի):
«Ֆասթֆուտ»-ը, թեթեւ նախաճաշիկները, շաքարի եւ աղի չափազանց շատ օգտագործումը նոյնպէս վնասակար է լեարդի առողջութեան համար:
Մասնագէտը նաեւ խորհուրդ կուտայ կրճատելու կարմիր միսի, մշակուած մսային ուտելիքները, ինչպէս՝ երշիկները եւ նրբերշիկները, կարագի, ինչպէս նաեւ սննդակարգին մէջ որեւէ բարձր իւղային ուտելիքներու օգտագործումը:
Լեարդի առողջութիւնը պահելու համար, մասնագէտները նաեւ կը յանձնարարեն հրաժարիլ ծխախոտէն, թմրանիւթերէն, վերահսկել կշիռքը եւ պահել ֆիզիքական աշխուժութեան բնական մակարդակը: Ինչ կը վերաբերի սննդակարգին, անիկա պէտք է ըլլայ բազմազան եւ ներառէ կարելի եղած չափով տարբեր բանջարեղէններ: Սննդագէտը կը յանձնարարէ լեղի համ ունեցող բանջարեղէն օգտագործել, ինչպէս՝ բողկը, ծովաբողկը, սմբուկը:
Մասնագէտին խօսքով՝ լեարդի աշխատանքի խախտումին մասին կրնան վկայել այնպիսի ախտանշաններ, ինչպէս հոգնածութիւնը, ախորժակի կորուստը, որովայնին մէջ ցաւերը, մեզի գոյնի փոփոխութիւնը, սիրտխառնուքը եւ փսխուքը: