Այժմ, երբ COVID-19-ն բարձր արդիւնաւէտութիւն ցուցաբերող պատուաստներու շնորհիւ նահանջ արձանագրած է, առողջապահութեան ոլորտի պաշտօնեաներուն ամենէն աւելի մտահոգող երեք վարակիչ հիւանդութիւններն են՝ մալարիան (մակաբոյծ), HIV-ն (ժահր) եւ «թիւպըրքիւլոզ»-ը (մանրէ): Անոնք միասին տարեկան մօտաւորապէս 2 միլիոն մարդու կեանք կը խլեն, The Conversation հանդէսի իր յօդուածին մէջ կը գրէ Քոնոր Միհանը։
Միհան կը նշէ, որ կան նաեւ առաջնահերթ «փաթոճեն»-ներու ցանկեր, յատկապէս անոնք, որոնք բուժման համար սովորաբար օգտագործուող դեղերու, մասնաւորաբար՝ հակապայոթիքներու եւ հակաժահրային միջոցներու նկատմամբ կայունութիւն ձեւաւորած են:
Գիտնականները պէտք է միաժամանակ վերահսկեն ընթացիկ սպառնալիքները՝ մինչ զգօն մնալով յաջորդ հաւանական խնդրի համար: Չնայելով, որ որեւէ «փաթոճեն» կրնայ վտանգ ներկայացնել, կարգ մը խումբեր, ինչպէս «կրիփ»-ի ժահրերը, աւելի հաւանական է, որ արագ բռնկումներ յառաջացնեն:
Ըստ յօդուածի հեղինակին՝ «կրիփ»-ի ժահրերէն մէկը այժմ լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ եւ 2025 թուականին լուրջ խնդիր դառնալու սեմին է։ Այդ H5N1 ենթատեսակի «կրիփ»-ի A ժահրն է, որ երբեմն «թռչնակրիփ» կը կոչեն: Այդ ժահրը տարածուած է ինչպէս վայրի, այնպէս ալ ընտանի թռչուններու շրջանակին մէջ եւ միաժամանակ վերջերս վարակած՝ կաթնատու անասուններուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քանի մը նահանգներուն մէջ։ Ժահրը յայտնաբերուած է նաեւ Մոնկոլիայի ձիերու շրջանակին մէջ:
Երբ թռչնակրիփի, կամ խոզի «կրիփ»-ի պարագաները կը սկսին աճ արձանագրել, միշտ մտահոգութիւն կայ, որ ժահրը կրնայ տարածուիլ մարդոց մէջ՝ վարակուած անասուններու հետ շփման կամ հում կաթի օգտագործման միջոցով:
Նախորդ երկու տարիներուն հետ բաղդատելով, երբ Միացեալ Նահանգներուն մէջ հիւանդութեան ընդամէնը երկու դէպք արձանագրուած էր, այս բաւական մեծ աճ կը ներկայացնէ։ Մարդկային վարակներու շրջանակին մէջ մահացութեան 30% ցուցանիշով թռչնակրիփփը արագօրէն կը դառնայ առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատուներու առաջնահերթութիւնը:
Բարեբախտաբար, H5N1 թռչնակրիփը, ըստ երեւոյթին, չի փոխանցուիր մարդէ մարդու, ինչ որ զգալիօրէն կը նուազեցնէ մարդկային համավարակի յառաջացման հաւանականութիւնը: «Կրիփ»-ի ժահրերը պէտք է միանան բջիջներու արտաքին մասի «սիալիք ասիտ» ընկալիչներ կոչուող մոլեքիւլային կառուցուածքներուն, որպէսզի ներթափանցեն եւ սկսին կրկնապատկուիլ:
Մարդոց համար լաւ յարմարեցուած «կրիփ»-ի ժահրերը կը ճանչնան այս ընկալիչները՝ արտօնելով անոնց դիւրութեամբ մտնել մեր բջիջներուն մէջ, ինչ որ կը դիւրացնէ մարդոց միջեւ անոնց տարածումը: Իր ներկայի տեսքով H5N1-ը չի կրնար դիւրութեամբ տարածուիլ մարդոց միջեւ։
Սակայն վերջերս կատարուած հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ «կրիփ-ի ճինոմ»-ի մէկ փոփոխութիւնը կրնայ կարելիութիւն ստեղծել H5N1-ին փոխանցուելու մարդէ մարդուն՝ համավարակի բռնկումի պատճառ դառնալով:
Եթէ թռչնակրիփի այս շտամը փոխուի եւ սկսի տարածուիլ մարդէ մարդուն, կառավարութիւնները պէտք է արագ գործեն՝ անոր տարածումը վերահսկելու համար:
Ամբողջ աշխարհի մէջ հիւանդութիւններու վերահսկումի կեդրոնները մշակած են թռչնակրիփի եւ այլ հիւանդութիւններու դէմ համավարակի պատրաստութեան ծրագիրներ:
Օրինակ՝ Մեծն Բրիտանիան գնած է H5 պատուաստի 5 միլիոն չափաբաժին, որ կրնայ պաշտպանել թռչնակրիփէն՝ նախապատրաստուելով 2025 թուականի այդ վտանգի յառաջացման հաւանականութեան։
Նոյնիսկ առանց մարդոց միջեւ տարածման կարելիութեան, կ՛ակնկալուի, որ թռչնակրիփը աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենայ անասուններու առողջութեան վրայ 2025 թուականին: Այդ ոչ միայն լուրջ հետեւանքներ կրնայ պատճառել անասուններու բարեկեցութեան, այլեւ կրնայ խաթարել սնունդի մատակարարումը ու տնտեսական հետեւանքներ ունենալ, ընդգծած է Միհանը: