Մեղրը կը նկատուի առողջարար ուտելիք, սակայն անիկա պէտք է մեծ զգուշութեամբ ներառել փոքրիկներու սննդականոնին մէջ։ Այս մասին զրոյցի ընթացքին ըսած է մանկաբոյժ, «կասթրոէնթերոլոճիսթ» Եվկենիա Սուխաչովսկայա։
Բժիշկին խօսքով՝ մեղրը զօրաւոր «էլըրճըն» է, հետեւաբար փոքրիկին առաջին անգամ այս ուտելիքը տալու ժամանակ պէտք է հաշուի առնել սննդամթերքի այլ տեսակներու նկատմամբ «ալերժիք» արձագանգներու առկայութիւնը։ Եթէ նախապէս «ալերժիք» արձագանգներ նկատուած են, ապա մինչ փոքրիկին սննդականոնին մէջ մեղր ներառելը պէտք է խորհրդակցիլ «ալերժի»ի մասնագէտի հետ։
«Մեղրը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ փոքրիկներու համար (յատկապէս մինչեւ մէկ տարեկան) «պոթիւլիզմ»ով (պոթիւլիզմը հազուադէպ, բայց լուրջ հիւանդութիւն է, որ կը յառաջանայ ջիղերուն վրայ յարձակող թոյնով) վարակուելու վտանգի պատճառով։ Բացի այդ, մինչեւ երեք տարեկան փոքրիկներուն չի յանձնարարուիլ օգտագործել «ֆրիւքթոզ»ով հարուստ ուտելիք շաքարախտ զարգացնելու բարձր հաւանականութեան պատճառով։ Փոքրիկի մը սննդականոնին մէջ մեղր ներառելու լաւագոյն տարիքը երեք տարեկանն է» – նշած է մանկաբոյժը։
Ինչպէս ընդգծած է բժիշկը, մեղրը փոքրիկի սննդականոնին մէջ պէտք է ներառել շատ փոքր քանակութեամբ՝ լուծելով զայն գաղջ ջուրի, թէյի կամ կաթի մէջ։ Կարելի է աւելցնել նաեւ գիւղապանիրին կամ ապուրին մէջ։ Եթէ օրուան ընթացքին փոքրիկին վիճակը չի փոխուիր, չի նկատուիր ցան կամ այլ կասկածելի ախտանշաններ, ապա յաջորդ օրը մեղրի քանակը կարելի է քիչ մը աւելցնել՝ աստիճանաբար հասցնելով օրական մէկ կամ երկու թէյի դգալի: Կարեւոր է յիշել, որ մեղրի ամէնօրեայ օգտագործումը պէտք է սահմանափակուի մէկ ամիսով, որմէ ետք երկու-երեք շաբաթ ընդմիջում պէտք է ըլլայ։