Ոսկեգոյն «սթաֆիլոքոքըս Օրիըս»ը տարրալուծարանային պայմաններու մէջ կը նպաստէ SARS-CoV-2 ժահրի բազմացման, յայտնած են Արեւմտեան Օնթարիոյի համալսարանի գիտնականները։ Անոնց հետազօտութիւնը հրապարակուած է iScience ամսագրին մէջ։
Ոսկեգոյն «սթաֆիլոքոք»ը յաճախ տարբեր շնչառական հիւանդութիւններու ժամանակ կը դառնայ երկրորդական «պաքթիրիըլ» վարակի պատճառ։ Աւելի կանուխ կատարուած հետազօտութիւններու մէջ ցոյց տրուած է, որ մանրէները եւ ժահրերը կրնան փոխգործակցիլ «մոլեքիւլըր» մակարդակի վրայ՝ նպաստելով զիրար բազմացնելուն։
Նոր հետազօտութեան մէջ գիտնականները ուսումնասիրած են «մեթիսիլին»ի հանդէպ կայուն «սթաֆիլոքոքըս Օրիըս»ի (MRSA) եւ SARS-CoV-2-ի (USA300 LAC տարբերակ) միջեւ փոխկապուածութիւնը եւ յայտնաբերած են, որ մանրէն 10 անգամ բարձրացուցած է ժահրի բազմացման արագութիւնը «էփիթելային» բջիջներու մէջ։ Ժահրը զգալի ազդեցութիւն չէ գործած «պաքթիրիըլ» աճի վրայ։
IsdA «սթաֆիլոքոքի ճենեթիք» տարբերակը ապահոված է մանրէներու «փրոժահրային էֆեքթ»ը։ Այս «ճին»ի արտադրութեան վրայ ազդող դեղերը կրնան քայքայել «պաքթիրիըլ» սպիտակուցներու եւ շնչառական ժահրերու փոխգործակցութիւնը։ Հետազօտութեան արդիւնքները տակաւին պէտք է հետազօտել կենդանի օրկանիզմներու վրայ։