Ոսկրային քաղցկեղի մեծ մասի պատճառը անյայտ է: Ոսկրային քաղցկեղը կը սկսի, երբ ոսկորին մօտիկ կամ ոսկորին մէջ գտնուող բջիջներ փոփոխութիւններ յառաջացնեն իրենց DNAին մէջ: Բջիջի մը DNAը կ՛ընդգրկէ հրահանգներ, որոնք բջիջին կը թելադրեն, թէ ինչ ընեն: Առողջ բջիջներուն մէջ, DNAը կ՛ընդգրկէ «ճենեթիք» տեղեկութիւններ, որոնք կ՛երաշխաւորեն բջիջներուն աճը եւ բազմացումը վերահսկուած եւ կարգաւորուած ձեւերով՝ պահպանելով պատշաճ գործառոյթը եւ հաւասարակշռութիւնը մարմնին մէջ: «Ճենեթիք» տեղեկութիւնները կ՛ազդարարեն բջիջներուն, թէ ե՞րբ անոնք պէտք է ենթարկուին մահուան, որ յայտնի է որպէս «ափոփթոսիզ»: Քաղցկեղային բջիջներուն մէջ DNAի փոփոխութիւնները տարբեր հրահանգներ կու տան: Այդ փոփոխութիւնները կը թելադրեն քաղցկեղային բջիջներուն, որ արագօրէն յաւելեալ բջիջներ ստեղծեն: Քաղցկեղային բջիջները կրնան խոսափիլ ծրագրաւորուած բջիջներու մահուան բնական գործընթացէն (ափոփթոսիզ, որուն կ՛ենթարկուին առողջ բջիջները) պատճառ դառնալով չափազանց շատ բջիջներու:
Քաղցկեղի բջիջները կրնան ձեւաւորել ուռուցք կոչուող զանգուած մը: Ուռուցքը կրնայ մեծնալ եւ յարձակիլ ու փճացնել մարմնի առողջ հիւսուածքները: Ժամանակի ընթացքին, քաղցկեղային բջիջները կրնան բաժնուիլ բուն ուռուցքէն եւ տարածուիլ մարմնին այլ մասերը: Երբ քաղցկեղը տարածուի, անիկա կը կոչուի «մեթասթաթիք քաղցկեղ»:
Վտանգի գործօններ
Ոսկրային քաղցկեղի վտանգը բարձրացնող գործօններ կը ներառեն.
-Ժառանգուած «ճենեթիք» համախտանիշներ. կարգ մը հազուադէպ «ճենեթիք» համախտանիշներ, որոնք փոխանցուած են սերունդէ սերունդ կը բարձրացնեն ոսկրային քաղցկեղի յառաջացման վտանգը: Օրինակներ կը ներառեն՝ «Լի- Ֆրոմեն»ի համախտանիշը եւ ժառանգական «րեթինոպլասթոմա»ն:
–Ոսկրային այլ պայմաններ. կարգ մը այլ ոսկրային պայմաններ կրնան բարձրացնել ոսկրային քաղցկեղի վտանգը: Ոսկրային միւս պայմանները կը ներառեն «Փաճեթ»ի ոսկորի հիւանդութիւնը եւ «ֆիպրըս տիսփլազիա»ն:
Ախտորոշում
Ոսկրային քաղցկեղի ախտորոշումը յաճախ կ՛ընդգրկէ պատկերային քննութիւններ՝ ուսումնասիրելու համար ախտահարուած ոսկորը: Վստահ ըլլալու համար, որ ոսկրային ուռուցք մը քաղցկե՞ղ է թէ՝ ո՞չ, հիւսուածքէն կտոր մը կրնայ վերցուիլ եւ քննուիլ քաղցկեղային բջիջներու համար:
Պատկերային քննութիւններ
Պատկերային քննութիւնները մարմնի նկարներ են: Անոնք կրնան ցոյց տալ ոսկրային քաղցկեղի մը տեղը եւ չափը: Քննութիւններ կրնան ներառել.
– X-Րէյ
-Մագնիսական րէզոնանսային պատկեր, որ նաեւ կը կոչուի MRI
-Համակարգչային թոմոկրաֆի սքեն, որ նաեւ կը կոչուի CT սքեն:
-Փոզիթրոն էմիշըն թոմոկրաֆի սքեն, որ նաեւ կը կոչուի PET սքեն
-Ոսկորի սքեն
Պայոփսի
«Պայոփսի»ն հիւսուածքի նմուշ վերցնելու ընթացակարգ մըն է՝ տարրալուծարանի մէջ փորձարկումի համար: Ոսկրային քաղցկեղի համար, հիւսուածքի նմուշը կրնայ հաւաքուիլ հետեւեալ ձեւով.
–Մորթի միջով ասեղ մտցնելով. ասեղային «պայոփսի»ի ժամանակ առողջապահութեան մասնագէտ մը մորթին միջով բարակ ասեղ մը կը մտցնէ եւ կ՛առաջնորդէ դէպի քաղցկեղը: Մասնագէտը կ՛օգտագործէ ասեղը հիւսուածքի փոքր նմուշներ հաւաքելու համար:
–Վիրահատութեան ընթացքին նմուշ մը վերցնելով. վիրահատական «պայոփսի»ի ընթացքին վիրաբոյժը մորթին վրայ ճեղք մը կը բանայ՝ քաղցկեղին հասնելու համար: Վիրաբոյժը կը վերցնէ քաղցկեղէն կտոր մը քննութեան համար:
Որոշելու համար «պայոփսի»ին տեսակը եւ մանրամասնութիւնները, որ ինչպէ՞ս «պայոփսի»ն կատարել, կը պահանջէ զգոյշ ծրագրաւորում բժշկական խումբին կողմէ: Բժշկական մասնագէտներ պէտք է «պայոփսի»ն կատարեն այնպիսի ձեւով մը, որ միջամուխ չըլլայ ոսկրային քաղցկեղը հեռացնելու հետագայ վիրահատութեան հետ: Այս պատճառով, «պայոփսի» ընելէն առաջ պէտք է դիմել մասնագիտացուած առողջապահական խումբի մը, որ փորձառու է ոսկրային քաղցկեղի բուժման մէջ:
Ոսկրային քաղցկեղի փուլերը
Եթէ յայտնաբերուի, որ դուք ոսկրային քաղցկեղ ունիք, յաճախ յաջորդ քայլը կ՛ըլլայ գիտնալ, թէ քաղցկեղը որքա՞ն յառաջացած է: Այս մէկը կը կոչուի քաղցկեղին փուլը: Ձեր առողջապահութեան խումբը օգտագործելով քաղցկեղի փուլը, կ՛որոշէ բուժումի ծրագիրը: Որոշելու համար քաղցկեղին փուլը, առողջապահութեան խումբը նկատի կ՛ունենայ հետեւեալները.
-քաղցկեղին տեղը
-քաղցկեղին չափը
-որքան արագ կը յառաջանայ քաղցկեղը
-ախտահարուած ոսկորներուն թիւը, ինչպէս՝ ողնաշարին մէջ ախտահարուած ողերու քանակը
-Եթէ քաղցկեղը տարածուած է .լիմֆ նոտ«երուն մէջ կամ մարմնի այլ մասերուն վրայ:
Ոսկրային քաղցկեղի փուլերը մէկէն մինչեւ չորս են:Առաջին փուլի ոսկրային քաղցկեղը ընդհանրապէս փոքր քաղցկեղ է, որ դանդաղօրէն կ՛աճի: Քաղցկեղը հետզհետէ մեծնալով կամ արագ աճելով, աստիճանները կը բարձրանան: Ոսկրային քաղցկեղի 4րդ փուլը տարածուած կ՛ըլլայ «լիմֆ նոտ«երուն կամ մարմնի այլ մասերուն վրայ:
Բուժում
Ոսկրային քաղցկեղի բուժումները կը ներառեն՝ վիրահատութիւն, ճառագայթում եւ քիմոթերափի: Ո՞ր բուժումը լաւագոյնն է ձեր ոսկրային քաղցկեղին համար կախեալ է քանի մը գործօններէ: Այս գործօնները կ՛ընդգրկեն տեսակը, տեղը եւ աստիճանը ոսկրային քաղցկեղին: Ձեր առողջապահութեամբ զբաղող խումբը նաեւ նկատի կ՛առնէ ձեր ընդհանուր առողջութիւնը եւ նախասիրութիւնները:
Վիրահատութիւն
Ոսկրային քաղցկեղի բուժման համար օգտագործուած վիրահատութեան միջոցին նպատակն է հեռացնել ամբողջ քաղցկեղը: Վիրաբոյժը կրնայ հեռացնել ոսկրային քաղցկեղը եւ անոր շուրջ գտնուող որոշ առողջ հիւսուածքներ, որմէ ետք ան կը վերականգնէ ոսկորը: Այս կրնայ ներառել ձեր մարմնի այլ հատուածէն կտոր մը ոսկորի օգտագործումը: Երբեմն, ոսկորը կը վերականգնուի մետաղի կամ «փլասթիք» նիւթի օգտագործումով:
Թէեւ ընդհանրացուած չէ, բայց երբեմն վիրաբոյժներ կը ստիպուին հեռացնել ձեռքը կամ ոտքը, որպէսզի կարենան ամբողջութեամբ վերացնել քաղցկեղը: Ասիկա կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ, եթէ նկատուի, որ քաղցկեղը կը մեծնայ կամ կը գտնուի տեղ մը, որ կը դժուարացնէ վիրահատութիւնը: Ձեռք մը կամ ոտք մը հեռացնելէ ետք, կարելի է օգտագործել արհեստական ձեռք կամ ոտք, որ վարժութիւններով եւ արդիւնաւէտօրէն զանոնք օգտագործելու համար ժամանակ յատկացնելով, կարելի կը դառնայ կատարել ամէնօրեայ առաջադրանքներ:
Քիմոթերափի
Քիմոթերափին քաղցկեղը կը բուժէ զօրաւոր դեղերու միջոցով: Քիմոթերափիի շատ դեղեր գոյութիւն ունին: Քիմոթերափիի դեղերու մեծ մասը կը տրուի երակին միջով, ուրիշներ կը գտնուին դեղահատներու ձեւով:
Քիմոթերափին յաճախ կ՛օգտագործուի վիրահատութենէ ետք ոսկրային քաղցկեղի կարգ մը տեսակներու համար: Անիկա կրնայ փճացնել մնացած որեւէ քաղցկեղային բջիջներ եւ կը նուազեցնեն քաղցկեղը կրկնուելու վտանգը: Երբեմն, քիմոթերափին կը տրուի վիրահատութենէն առաջ փոքրացնելու համար ոսկրային քաղցկեղը եւ դիւրացնելու՝ անոր հեռացումը:
Ոսկրային քաղցկեղի ոչ բոլոր տեսակները կ՛արձագանգեն քիմոթերափիի բուժումներուն: Քիմոթերափին յաճախ կ՛օգտագործուի «օսթէոսարքոմա»ն եւ «եուինկ սարքոմա»ն բուժելու համար: Անիկա յաճախակի կերպով չ՛օգտագործուիր «քոնտրոսարքոմայի» բուժման համար:
Ճառագայթային թերափի
Ճառագայթային թերափին քաղցկեղը կը բուժէ ուժեղ «էնըրճի»ի ճառագայթներով: «Էնըրճի»ն կրնայ ստացուիլ «X-րէյ»երէ, «փրոթոն»ներէ կամ այլ աղբիւրներէ:
Ճառագայթային թերափիի ընթացքին, դուք կ՛երկարիք սեղանի մը վրայ, մեքենայ մը շարժելով ձեր շուրջը: Մեքենան ճառագայթը կ՛ուղղէ դէպի ճշգրիտ կէտեր մարմնին վրայ:
Ճառագայթային թերափին կրնայ օգտագործուիլ վիրահատութենէ ետք, որպէսզի փճացնէ որեւէ ոսկրային քաղցկեղի բջիջներ, որ մնացած կրնայ ըլլալ: Անիկա կրնայ օգնել նաեւ վերահսկելու ոսկրային քաղցկեղը, երբ վիրահատութիւնը տարբերակ մը չէ:
Ճառագայթային թերափին կրնայ աւելի ազդեցիկ ու արդիւնաւէտ ըլլալ ոսկրային քաղցկեղի որոշ տեսակներու համար քան այլ տեսակի թերափիներ: Ճառագայթային թերափին կրնայ տարբերակ մը ըլլալ «եուինկ սարքոմա» բուժելու համար: Այս բուժումը յաճախակի ձեւով չ՛օգտագործուիր «քոնտրոսարքոմա» կամ «օսթէոսարքոմա» բուժելու համար: