«Քորոնա» ժահրով վարակուած որոշ կիներու մօտ փոքրիկները հակամարմիններով կը ծնին «քորոնա» ժահրին նկատմամբ: Այս մասին նշուած է British Medical Journal-ին մէջ հրապարակուած փոքրիկ ուսումնասիրութեան մը մէջ:
Տոքթոր Փաթրիք Օ՛պրայընի համաձայն, Royal College of Obstetricians and Gynaecologists-էն՝ փոքրիկները, որոնց մօտ հակամարմիններ կ՛արտադրուին «քորոնա» ժահրին նկատմամբ, տակաւին պտուղի զարգացման հանգրուանին մէջ, շատ քիչ են, յայտնած է The Daily Mail-ը:
Մասնագէտներու խօսքով՝ IgM հակամարմինները, որոնք մարմինը կ՛արտադրէ այն ժամանակ, երբ առաջին անգամ կը վարակուի, չեն կրնար մօրմէն փոքրիկին փոխանցուիլ «փլասենթա»-ի միջոցով: Այս մէկը կրնայ նշանակել, որ հակամարմինները փոքրիկի մը դիմադրողական համակարգին շնորհիւ են:
Սակայն, փորձագիտական կարծիքները փոքրիկին օրկանիզմին մէջ հակամարմիններու աղբիւրի վերաբերեալ տարբեր են: Ոմանք նոյնիսկ չեն բացառած արդէն ծննդաբերութենէն ետք վարակման փաստերը:
Գիտնականները կը վկայակոչեն «քորոնա» ժահրով վարակուած բրիտանացի 427 կնոջ հետազօտութիւնը, որոնցմէ 5-ը մահացած է ծննդաբերութեան ժամանակ (ոչ բոլոր մահերը եղած են COVID-19-էն): Ծնած փոքրիկներուն 5 առ հարիւրին մօտ «քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է, սակայն այդ մէկը ոչ մէկ ձեւով ազդած է անոնց վիճակին վրայ:
Նշենք, որ IgM-ները կը ձեւաւորուին կանուխ հանգրուանին՝ յարձակում նախաձեռնելով ժահրին վրայ: