«Քորոնա» ժահրով վարակուած անձը կրնայ վարակիչ մնալ 10, իսկ որոշ պարագաներուն` հիւանդութեան առաջին ախտանիշներու ի յայտ գալէն ետք, 20 օրուան ընթացքին: Նման կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ բորբոքումի մասնագէտ Վլատիմիր Չուլանով, փոխանցած է «Ռոսիյսքայա կազեթա»-ն:
Ժահրի` շրջակայ միջավայր դուրս մղումի (օրկանիզմէն) տեւողութիւնը մեծապէս կախեալ է հիւանդութեան ընթացքի ծանրութենէն: Կարծիք կայ, որ հիւանդութեան մեղմ եւ միջին ընթացքով պարագաներուն, ժահրը դուրս կը մղուի հիւանդութեան յառաջացման պահէն սկսած 10 օր: Հիւանդութեան ծանր ընթացքի պարագային, վարակիչ ըլլալու ժամանակամիջոցը կը կրկնապատկուի:
Մասնագէտներու կարծիքով` «քորոնա» ժահրի ախտորոշումի յատուկ քննութիւնները կրնան դրական արդիւնք տալ մինչեւ 2 ամիս, սակայն այդ չի նշանակեր, որ մարդը դեռ վարակիչ է:
«Հետազօտութիւնները կրնան ժահրի հետքեր կամ բեկորներ արձանագրել, սակայն այս պարագային անձէն վարակուիլ այլեւս կարելի չէ: Սակայն, երբ կը յայտնուին հիւանդութեան առաջին ախտանիշները, կարեւոր է ինքնամեկուսանալ` ուրիշներուն չվարակելու համար, եւ այդ մասին յայտնել մասնագէտին: Հիւանդութիւնը շատ պարագաներու կ՛ընթանայ սովորական սուր շնչառական ժահրային վարակի նման»,- յայտնած է Չուլանով:
«Քորոնա» ժահրային վարակի հիմնական ախտանշաններն են 37.5 աստիճանէն բարձր տաքութիւնը, (արձանագրուած է դէպքերու 90 առ հարիւրի ժամանակ), թուլութիւն եւ յոգնածութիւն, չոր հազ, ծանր շնչառութիւն, գլխացաւ, կոկորդի ցաւ: Վարակուածներու աւելի քան 50 առ հարիւրը կը կորսնցէ համի եւ հոտառութեան զգացողութիւնները, իսկ միայն 10 առ հարիւրի մօտ ճնշում կ՛արձանագրուի: