Տարբեր մարդոց կը յանձնարարուի ուտել տարբեր քանակութեամբ հաց: Այդ կախեալ է անոնց տարիքէն եւ առողջական վիճակէն։ Նման կարծիք յայտնած է սննդաբան Նաթալիա Քրուկլովան:
Անոր խօսքով՝ կազմուածքի եւ առողջութեան պահպանման համար պէտք է սահմանափակել հացի օգտագործումը։ Քրոնիք հիւանդութիւններու բացակայութեան պարագային կ՛ենթադրուի օրական 100-էն 200 կրամի սահմաններուն մէջ օգտագործել հացը:
«Միջին հաշիւով՝ տղամարդոց համար չափաբաժինը կը կազմէ մօտաւորապէս 150-200 կրամ հաց, իսկ կնոջ համար՝ մօտաւորապէս 100-150 կրամ»,-ըսած է սննդաբանը:
Փոքրիկներու համար չափաբաժինը եւս կախեալ է տարիքէն։ Բժիշկը կը յանձնարարէ փոքրիկներու սննդականոնին մէջ չաւելցնել 50-60 կրամէն աւելի հաց: Յիշեցնենք, որ սպիտակ հացը կը նկատուի առողջութեան համար ամէնէն վնասակարը, որովհետեւ կ՛աւելցնէ 2-րդ տիպի շաքարախտի եւ ճարպակալումի զարգացման վտանգը։