Խմելու ջուրը կ՛արտօնէ ոչ միայն պահպանելու օրկանիզմին մէջ հեղուկի նպաստաւոր մակարդակը, այլ նաեւ կրնայ զօրացնել փոքրիկին մօտ բազմակողմանիութեան ունակութիւնը՝ պարզած են Իլինոյսի համալսարանի գիտնականները:
Xinhua-ի հաղորդումով՝ գիտնականները, հետազօտութեան սկիզբը, բաղդատած են 75 փոքրիկներու մօտ օրկանիզմի խոնաւութեան աստիճանը, ապա փոքրիկները 4 օր շարունակ օրական 500 մլ. ջուր խմած են, որմէ ետք եւս 4 օր՝ օրական 2,5 լիթր:
Պարզուած է, որ խոնաւութեան նախնական բարձր մակարդակ ունեցող փոքրիկները աւելի լաւ լուծած են խնդիրները: Բացի ատկէ, այն փոքրիկները, որոնք մեծ քանակութեամբ ջուր խմած են, բարձր եղած է աշխատունակութիւնը եւ արագօրէն արձագանգած են «թեսթերուն»:
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, քանի մը օրուան ընթացքին, մեծ քանակութեամբ ջուր օգտագործելէն ետք, փոքրիկներու օրկանիզմի խոնաւութիւնը լաւացած է:
Մասնագէտները ծնողներուն խորհուրդ կու տան, ամէն օր, իրենց փոքրիկներուն առանց խառնուրդներու մաքուր ջուր տալ, ինչ որ կրնայ լաւացնել անոնց մտային աշխատանքները: