Ֆրիթի «առողջ» չափաբաժինը պէտք է վեց փոքր մասէն աւելի չըլլայ: Նման անսպասելի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Հարվըրտի համալսարանի փրոֆ. Էրիք Ռիմ:
Այն մարդիկը, որոնք իրենց օրուան սնունդէն հանած են ֆրիթը, վեց ամիսով աւելի երկար կ՛ապրին անոնցմէ, որոնք ֆրիթ կը սպառեն: Աւելին՝ շաբաթական 2-3 անգամ ֆրիթ ուտող մարդիկ, շաքարախտի, ճարպակալումի եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու զարգացման բարձր վտանգ ունին:
Ըստ Փորձագէտին, վերջին քսանհինգ տարուան ընթացքին, fast-food-ի չափաբաժինը 2-3 անգամ մեծցած է: Օրինակ՝ «պէյկըլները» այժմ 15 սմ. լայնք ունին, չնայած սկիզբը անոնց չափը 7-8 սմ. էր: Ֆրիթի չափաբաժինը՝ մօտաւորապէս 55 հատ (նախապէս 15 հատ): Փոփքորնի միջին փաթեթաւորումը 11 գաւաթ էր, նախապէս՝ 5: Սոտային խմիչքներու չափաբաժինը՝ 592 մլ. իսկ աւելի կանուխ՝ 192 մլ.
Ֆրիթի չափաբաժինի փոքրացումի խնդիրը յաճախ հոգեբանական է: Շատ քիչեր կը համաձայնին փոքր չափաբաժինի անցնիլ: Սննդագէտ Լիզա Մոսկովից կը պնդէ, որ սպառումի ծաւալները կրճատելը իսկապէս կարելի է: Կարելի է պարզապէս խորամանկութիւն ընել: Առաջին տարբերակ՝ պատուիրուածը ընկերներու հետ կիսել՝ համադրելով աղցանի եւ «կրիլ» եղած թռչնամիսի հետ: Երկրորդ տարբերակը՝ պատուիրել մանկական «մենիույէն»: