Ոտելիքի հոտերը յիշողութիւններ կ՛արթնցնեն եւ կրնան օգտագործուիլ Ալզհայմըրի հիւանդութեան բուժման համար, բացայայտած են Լանքասթըրի համալսարանի գիտնականները։ Անոնց յօդուածը հրապարակուած է Human Computer Interaction ամսագրին մէջ։
Գիտնականները իրենց հետազօտութեան մէջ ներառած են 12 տարեց մարդոց, որոնցմէ հաւաքած են յիշողութիւններ, եւ որոնց կէսը կապուած եղած է ուտելիքի հետ։ Անոնցմէ մէկը յիշած է տապկուած «թիւնիք»ը հարսանիքի տօնակատարութեան օրը, միւսը՝ ծննդաբերութենէն ետք հիւանդանոցին մէջ կերած ելակը։
Ուտելիքի մասին յիշողութիւնները վերստեղծելու համար հետազօտողները մասնակիցներուն պատմածներով 3D տպիչով տպած են անհատական «արոմաթիզաթոր»ներ (flavoring agents)։ Ատոնք փոքրիկ jelly տիպի ուտելու գնդիկներ են, որոնք իսկական ուտելիք կը յիշեցնեն։ Զանոնք աւելի դիւրին է կլլելը, համը աւելի «ինթենսիվ» է, եւ նաեւ երկար պատրաստութիւն ու շատ բաղադրիչներ չեն պահանջեր։
Բացայայտուած է, որ մասնակիցները կրցած էին յիշել յիշարժան իրադարձութեան անհամեմատ աւելի մանրամասնութիւններ, երբ կերած էին «արոմաթիզաթոր»ի գնդիկը։
Յիշելով Քամպոտիայի մէջ կանաչ թայուանեան քարիով ընթրիքը՝ մասնակիցներէն մէկը յայտնած է, որ իրենք գացեր են խոհանոց, որ շատ պարզ էր, ուր տարբեր տեսակի կանաչ բանջարեղէններ կային, որոնք ան առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէր։
Երբ մասնակիցը կերած է «արոմաթիզաթոր»ով գնդիկը, սկսած է աւելի մանրամասն յիշել այն մասին, թէ ինչ քննարկած են ուտելիքը պատրաստելու ժամանակ, ինչպէս նաեւ յիշած է, որ յետոյ ընկերներու հետ սեղանները դուրս տարած են եւ ճաշած են բաց երկինքի տակ։
Մասնակիցներէն մէկուն՝ Ալզհայմըրի հիւանդութեամբ տառապող մայրը ըսած է. «Օ՜, այս նման է հնաոճ ուտելիքի։ Այս մէկը ինծի դէպի անցեալ կը վերադարձնէ»։
Գիտնականներու աշխատանքը ցոյց տուած է, որ համերու եւ հոտերու միջեւ կապը անհաւանական զօրաւոր է, բայց ներկայիս բաւարար ուսումնասիրուած չէ եւ քիչ կ՛օգտագործուի։