Աշնանային եւ ձմեռնային ժամանակամիջոցին, եղանակին հայթայթուած բանջարեղէնը շատ կարեւոր է առողջութեան պահպանման համար: Աւելին` այդ բանջարեղէններէն քանի մը հատը կրնան օգնել պայքարելու «սթրես»ի դէմ, յայտնած է սննդաբան Եվկենի Արզամասցեւ։ Մասնագէտը նման ուտելիքներու առաջին շարքին նշած է ճակնդեղը:
«Ճակնդեղին մէջ B խումբի վիթամիններու լայն տեսականի կայ, ատոնք մեզի համար անհրաժեշտ են նեարդային համակարգին համար: Այլ եղանակի անցնելու պատճառով «սթրես»ին չափը կ՛աւելնայ»,- ըսած է մասնագէտը։
Անոր խօսքով՝ օրկանիզմին մէջ «քրոմ»ի պակասը կրնայ վատ տրամադրութեան պատճառ դառնալ։ Աշնան՝ «սթրես»ի մակարդակի բարձրացման պատճառով մարդիկ կը սկսին քաղցր ուտելիքներ փափաքիլ, սակայն, ինչպէս կը վստահեցնէ մասնագէտը, ճիշդ այդ անհրաժեշտութիւնն է, որ կը խօսի «քրոմ»ի պակասին մասին։ Այդ հանքանիւթը առկայ է ճակնդեղին մէջ եւ կը նուազեցնէ ձգտումը շաքարին հանդէպ:
Սննդաբանը նաեւ կը յանձնարարէ վիթամին A-ով հարուստ ստեպղին օգտագործել, յատկապէս` տեսողութեան խնդիրներ ունեցող մարդոց։ Ստեպղինը նաեւ մեծ քանակութեամբ «սիլիքոն» կը պարունակէ, որ օգտակար է մորթի, մազերու եւ եղունգներու առողջութեան համար։ Կը յանձնարարուի սննդականոնին մէջ նաեւ կաղամբ աւելցնել:
«Կաղամբը «փոթէսիում» կը պարունակէ, որ կարեւոր է սրտի առողջութեան եւ ուռուցքներու մակարդակի կանոնաւորման համար։ Այսինքն՝ «փոթէսիում»-«սոտիում» բնական նիւթափոխանակութիւն ունեցող մարդիկ ուռուցք չեն ունենար եւ աւելի նուազ վտանգի ենթարկուած կ՛ըլլան արեան ճնշման հետ կապուած խնդիրներու պարագային»,- ըսած է մասնագէտը։