Քառասուն տարեկան հասակին, մարդու օրկանիզմին մէջ որոշ մարմնային գործընթացներ կը սկսին փոխուիլ, ինչ որ կրնայ յանգեցնել կշիռքի անսպասելի փոփոխութեան: Այդ է պատճառը, որ 40-էն ետք, շատ կարեւոր է վերատեսութեան ենթարկել սննդականոնը, յայտնած է սննդաբան Ելենա Քալեն: Անոր խօսքով, քառասունէն վեր տարիքի մարդոց չի յանձնարարուիր խիստ սննդականոնը՝ դանդաղող նիւթափոխանակութեան եւ «հորմոնալ ֆոն»-ի փոփոխութեան պատճառով: Փափաքելի է, որ սննդականոնին մէջ աւելցուին թարմ բանջարեղէն եւ ձուկ, ինչպէս նաեւ՝ շատ ջուր խմել:
Կարեւոր է յիշել, որ կիներու օրկանիզմին մէջ տարիներու ընթացքին «էսթրոճեն»-ի պարունակութիւնը կը նուազի: Անիկա ամբողջացնելու համար աւելի լաւ է խնձոր, ծիրան, նուռ, ձուկ, ծովային ուտելիքներ եւ թռչնամիս, լուբիա ու ոլոռն, նեխուր, սպանախ եւ սմբուկ օգտագործել:
«Հորմոնալ ֆոն»-ը պահելու համար, փորձագէտը նաեւ կը յանձնարարէ սննդականոնին մէջ վարսակ, գարի եւ թեփ ներառել։