Չինացի գիտնականները խոզի «կրիփ»-ի նոր տեսակ մը յայտնաբերած են, որ կրնայ մեծ վտանգ ներկայացնել մարդու համար եւ նոր համավարակ յառաջացնել:
Ինչպէս հաղորդած է «Լենթա»-ն, նոր «կրիփ»-ը ստացած է G4 EA H1N1 անումը: Անիկա յայտնաբերուած է ամբողջ երկիրի սպանդանոցներու՝ խոզերէն առնուած 30․000 քսուքներու հիման վրայ: Գիտնականներու համաձայն՝ ժահրը «թռչնակրիփ»-ի եւ H1N1 «խոզակրիփ»-ի «ճենեթիք» խառնուրդ է, որ 2009-ին համավարակ յառաջացուցած էր եւ յանգեցուցած՝, ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, մօտաւորապէս 20,000 մարդու մահուան, ամբողջ աշխարհի մէջ (սակայն, ոչ պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն, զոհերը կրնան աւելի շատ ըլլալ։
Գիտնականները ցոյց տուած են, որ G4 EA H1N1-ը, ինչպէս եւ նման այլ ժահրերը, ի վիճակի է կապուելու մարդու բջիջներու ընկալիչներուն հետ եւ աշխուժօրէն շատնալ մարդու շնչուղիներու բջիջներուն մէջ: Այդ մէկը կը նշանակէ, որ ժահրը կրնայ իսկապէս մեծ վտանգ ներկայացնել մարդու համար:
Աւելին, «կրիփ»-ի դէմ գոյութիւն ունեցող պատուաստները խաչաձեւ դիմադրողականութիւն չեն յառաջացներ նոր ժահրին նկատմամբ, այսինքն, արդէն գոյութիւն ունեցող հաւաքական դիմադրողականութիւնը նոր «կրիփ»-ին դէմ պաշտպանութիւն չի յառաջացներ։ Յատկանշական է, որ կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ ժահրը աւելի լուրջ ախտանիշներ կը յառաջացնէ անասուններու մօտ, քան միւս «մայքրօ-օրկանիզմներ»-ը:
Հետազօտութեան համաձայն՝ նոր ժահրը յայտնաբերուած է Չինաստանի 10 նահանգներու մէջ: Բացի այդ, G4-ի նկատմամբ հակամարմիններ յայտնաբերուած են խոզաբուծական ագարակներու աշխատակիցներու 10 առ հարիւրի արեան մէջ:
Բորբոքումներու մասնագէտները յանձնարարած են չանտեսել նոր ժահրերու ուսումնասիրութիւնը:
«Կրիփ»-ը կրնայ զարմացնել մեզ», – նշած է կենսաբան Մարթա Նելսըն: