Չինաստանի մէջ Եունանի հիմնարկի հետազօտողները չղջիկներու մօտ յայտնաբեած են հինգ մտահոգիչ ժահրեր, որոնք կրնան տարածուիլ մարդոց վրայ: Ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակուած են bioRxiv-ին մէջ։
Բոլոր ժահրերը կրնան փոխակայուիլ մէկ տեսակէն միւսը: Որպէս կանոն, նման «փաթոճեն»ները վտանգ կը ներկայացնեն մարդու համար։ Ինչպէս կը նշեն հետազօտողները, ժահրերէն մեկը՝ BtSY2-ը, կը նմանի SARS-CoV-2-ին, ինչ որ կը բարձրացնէ անասունէն մարդուն փոխանցուելու հաւանականութիւնը:
Հետազօտողները կը նշեն, որ յայտնաբերած են ժահրի հինգ տեսակ, որոնք կրնան «փաթոճեն» ըլլալ մարդկութեան կամ անասուններու համար, ներառեալ SARS-CoV-2-ի նման նոր «ռիքոմպինընթ» (օրկանիզմներ որոնք մէջտեղ եկած կ՛ըլլան միացնելով genetic materialը երկու տարբեր աղբիւրներէ ) քորոնա ժահրը:
Գիտնականները Չինաստանի հարաւը գտնուող Եունան նահանգին մէջ 15 տեսակի 149 չղջիկներու աղիքէն նմուշներ առած են: Աշխատանքի ընթացքին, անոնք յաջողած են յաջորդականացնել հինգ ժահրերու DNAները։ Միաժամանակ, գիտնականներու մօտ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ այն փաստը, որ մէկ անձ նոյն ժամանակ կրնայ վարակուիլ քանի մը ժահրերով։
Մասնագէտներու խօսքով՝ ժահրերու բռնկումներու մեծ մասը յառաջացած է չղջիկի հետ մարդու կամ ընտանի կենդանիի շփման ժամանակ։