Shanghai Jiao Tong University-ի (Չինաստան) գիտնականները մշակած են ծերութիւնը ետ շրջելու նորարարական մեթոտ մը՝ նանոարհեստագիտութիւններու օգտագործումով։ Նոր մեթոտը՝ «ֆրէյմուորք իմփլանթ»ը, կրնայ ուղիղ գիծով մարդու օրկանիզմ հասցնել ջրածին, տեղեկացուցած է Nature Communications ամսաթերթը։
Հետազօտութեան ընթացքին բացայայտուած է, որ ծերացման գործընթացները յաճախ կապուած են հիւսուածքներու բորբոքումի եւ «ռիճենըրէյշըն»ի ունակութեան կորուստի հետ։ Գիտնականները բացայայտած են, որ ջրածինի տեղային ներդրումը կրնայ վերակառուցել միջավայրը՝ նպաստելով հակաբորբոքային եւ ծերացումի «իֆէքթ»ները կմախքային հիւսուածքի «սինսէնթ» բջիջներուն մէջ։
Գիտնականները ստեղծած են «ֆրէյմ», որ կրնայ ջրածին արտադրել։ Անիկա կ՛արձակէ ջրածոնի զգալի չափաբաժիններ (մինչեւ 911 մլ/կ 1 շաբթուան ընթացքին)՝ CaSi2 նանոմասնիկներու օգտագործումով «մեզոփըրմիըպըլ պայոէքթիվ» ապակիի վրայ։
Կատարուած փորձերը ծեր մուկերու մոտելներու վրայ հաստատած են ոսկրային հիւսուածքի արդիւնաւէտ բարելաւում։ Նոր մեթոտի էութիւնը միջավայրի փոփոխութիւնն է՝ բորբոքայինէն հակաբորբոքային վերածումով՝ ի հաշիւ ծերացող «մաքրոֆակ»երու վրայ եղող ազդեցութեան։
Ջրածինը կը նպաստէ «էնտոճեն» բջիջներու պահպանման եւ ներգրաւման «ռիճենըրէյշըն»ի, ինչ որ նպաստաւոր միջավայր կը ստեղծէ ոսկրային արատներու «ռիճենըրէյշըն»ի համար։
Այս գիւտը նոր հեռանկարներ կը բանայ ծերութիւնը ետ շրջելու մեթոտներու տտեղծման համար, բայց կը պահանջէ հետագայ հետազօտութիւններ եւ քննութիւններ: