Ամանորեայ տօներու ժամանակ ալքոլի չարաշահումը կրնայ յանգեցնել սրտամկանի ռիթմի խանգարումներու, որոնք յայտնի են որպէս «տօնական սրտի համախտանիշ»։ Ատկէ խուսափելու համար կը յանձնարարուի սահմանափակել ալքոլը եւ օգտագործումէն ոտք ջուր խմել։ Այս մասին The Conversation-ին յայտնած են Աւստրալիոյ Ուոլոնկոնկի համալսարանի գիտնականները։
Մասնագէտները նշած են, որ տօնական հաւաքոյթներու ժամանակ շատ մարդիկ կրնան արագ կամ անկանոն սրտի զարկ, կրծքավանդակի տրոփում եւ գլխապտոյտ զգալ: «Տօնական սրտի համախտանիշ»-ի նման դրսեւորումները ամենէն յաճախ կապուած են ալքոլի չափէն աւելի օգտագործման, որկրամոլութեան, ջրազրկման եւ «սթրես»-ի մակարդակի բարձրացման հետ:
Գիտնականները բացայայտած են, որ ալքոլի ազդեցութիւնը նեարդային համակարգի վրայ կրնայ բորբոքումի յանգեցնել։ Իր կարգին, այդ կրնայ սրտի ելեկտրական համակարգի խանգարում եւ ատոր յաջորդող «առիթմիա» յառաջացնել: Բացի ատկէ, ալքոլի քանակը, որ կրնայ նման արձագանգ յառաջացնել, մարդէ մարդ կը տարբերի։
Մասնագէտները կիներուն եւ տղամարդոց կը յանձնարարեն խմել ոչ աւելի, քան շաբաթական տասը տիպական չափաբաժին ալքոլ եւ ոչ աւելի, քան մէկ օրուան մէջ չորս չափաբաժին։ Ալքոլի մէկ չափաբաժինը համազօր է 10 կրամ «էթիլային սփիրթ»-ի։ Պէտք է նշել, որ 10 կրամ «էթիլային սփիրթ» կայ 30 մլ․՝ ուիսքիի, 100 մլ․՝ գինիի կամ 250 մլ․՝ գարեջուրի մէջ։
Գիտնականները միաժամանակ կը յանձնարարեն ալքոլային խմիչքներու միջեւ ջուր խմել։ Այդ կ՛օգնէ նուազեցնելու ալքոլի ջրազրկող ազդեցութիւնը եւ նուազեցնել ատոր հետեւանքով յառաջացած սրտի «ռիթմ»ին առնչուող խնդիրներու վտանգը: