Պատուաստը բաւարար չըլլար «քորոնա» ժահրային համավարակը կանգնեցնելու համար, յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Հեպրեյեսուս:
Համավարակը կը շարունակէ սաստկանալ. աշխարհի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուած է արդէն աւելի քան 54 միլիոն մարդ եւ աւելի քան 1,3 միլիոն մարդ մահացած է, հաղորդած է Theinindependent.sg-ը:
«Պատուաստը կ՛ամբողջացնէ գործիքները, սակայն չի փոխարիներ զայն: Ինքնին պատուաստը վերջ չի դներ համավարակին»,- ըսած է ան:
Հապրեյեսուսի խօսքով, պատուաստի մատակարարումները նախ սահմանափակ կ՛ըլլան, եւ «առաջնահերթութիւն կը տրուի բժշկական աշխատողներուն, տարեցներուն եւ վտանգի ենթակայ այլ խումբերուն»: «Յոյսով ենք՝ այդ կը նուազեցնէ մահերու թիւը եւ առողջապահական համակարգին կ՛արտօնէ յաղթահարելու իրավիճակը»,- նշած է Հեպրեյեսուս: Սակայն, ան զգուշացուցած է, որ նոյնիսկ պատուաստը ժահրին կարելիութիւն կրնայ տալ տարածուելու: Այդ պատճառով, ուսումնասիրութիւնները պէտք է շարունակել, մարդոց նախկին ձեւով պէտք է քննել, մեկուսացնել եւ բուժել, իսկ շփումները՝ պէտք է վերահսկել: