Քորոնա ժահրի համավարակը կանգնեցնելու համար միայն պատուաստը բաւարար չէ, եւ ատով է, որ ներկայ համավարակը կը տարբերի բոլոր նախորդներէն։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է Դ. Ի. Իվանովսքիի անուան ժահրաբանութեան հիմնարկի «արպովայրըս»ներու (ողնաշարաւոր կենդանիներու եւ մարդու վայրըսներու խումբ) բաժնի եւ կենսաբանական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսոր Ալեքսանտր Պութենքոն։
Մասնագէտին համաձայն՝ այսպիսի համավարակ չէ եղած մարդկութեան գոյութեան ամբողջ ընթացքին։
«Եղած է «ծաղիկ» հիւանդութիւնը, բայց անիկա մէջտեղէն վերցուեցաւ շատ արդիւնաւէտ պատուաստով մը: «Փօլիօ»ն ամբողջ աշխարհի մէջ բուժուեցաւ կենդանի եռարժէք ներարկման օգնութեամբ, որ ամբողջական պաշտպանութիւն կ՛ապահովէր։ COVID-19-ի պարագային գործօններու այլ համադրութիւն մըն է՝ պատուաստում եւ ստեղծուող հաւաքական դիմադրողականութիւն»,-ըսած է ժահրաբանը։
Մասնագէտը նշած է, որ տակաւին կը շարունակուին ի յայտ գալ քորոնա ժահրի նոր տարբերակներ, որոնց շնորհիւ մարդոց մօտ հաւաքական դիմադրողականութիւն կը յառաջանայ, որ պատուաստին հետ միասին անհանդուրժողականութիւն կը ստեղծէ վարակի տարածուած տեսակներուն նկատմամբ։