Կոթընպըրկի համալսարանի ուսումնասիրութեան համաձայն «սալֆորաֆան» քիմիական միացութիւնը, որ կը գտնուի պրոքոլի-ի ծիլերուն մէջ, կրնայ կապուիլ արեան շաքարի մակարդակի բարելաւման հետ՝ նախաշաքարախտի պարագային, որ կը նախորդէ 2-րդ տիպի շաքարախտին: Պրոքոլի-ին մէջ գտնուող միացութիւնը աւելի նշանակալի ազդեցութիւն ցոյց կու տար արեան շաքարի մակարդակին վրայ կարգ մը անհատներու մօտ։
Կոթընպըրկի համալսարանի հետազօտողները նախապէս համամիտ գտնուած են «սալֆորաֆան»-ը ընդունիլ որպէս հակաշաքարախտային միջոց 2-րդ տիպի շաքարախտի համար, ըստ Planet Today-ի հաղորդումին։ 2017 թուականին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը յայտնաբերած է, որ շաքարախտ ունեցող անձեր զգալիօրէն ցած շաքարի մակարդակներ ունեցած են՝ պրոքոլի-ի ծիլերէն ստացուած «սալֆորաֆան»-ի բարձր չափաբաժիններ ընդունելէն ետք։
Նոր ուսումնասիրութեան մէջ, որ հրապարակուած է Nature Microbiology ամսագրին մէջ, փրոֆեսոր Անտերս Ռոզընկրենը եւ անոր գործընկերները ուսումնասիրած են նախաշաքարախտը՝ վիճակ մը, ուր արեան շաքարի մակարդակները դանդաղօրէն կը բարձրանան՝ ինսուլին-ի արտադրութեան խանգարումի պատճառով։
Ուսումնասիրութիւնը կը ներառէր 89 անձեր, որոնք ունէին բարձր (դատարկ ստամոքսով) արեան շաքարի մակարդակներ, ինչ որ նախաշաքարախտի նշան էր։ Այլ չափանիշներ կը ներառէին աւելորդ կշիռք կամ ճարպակալում՝ 35-էն 75 տարեկան մարդոց շրջանակին մէջ։
Մասնակիցները պատահականօրէն նշանակուած են ստանալու «սալֆորաֆան» կամ «փլասիպօ» տասներկու շաբաթներու ընթացքին։ Ո՛չ մասնակիցները եւ ո՛չ ալ հետազօտողները գիտէին, թէ ով ինչպիսի բուժում ստացած էր։ Ընդհանուր առումով 74 մասնակիցներ աւարտած են ուսումնասիրութեան բոլոր հանգրուանները։
Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ «սալֆորաֆան» ստացող մասնակիցները (դատարկ ստամոքսով) աւելի բարձր արեան շաքարի մակարդակներ ունէին, քան «փլասիպօ» ստացողները։ Երկու խումբերուն միջեւ տարբերութիւնը նշանակալի էր ուսումնասիրութեան մէջ։
Աւելի մեծ տարբերութիւն նկատուած է, երբ վերլուծուած են քլինիկական ենթախումբերը՝ այն խումբը, որ աւելի մեծ բարելաւում ունեցած էր տարիքի յառաջացման հետ կապուած մեղմ շաքարախտի պարագային, աւելի ցած ինսուլին-ի դիմադրութիւն ունեցած է, աւելի ցած ճարպային լեարդի հիւանդութեան յաճախականութիւն եւ նուազ ինսուլին-ի արտազեղում։
Երրորդ հանգրուանը, որ իրագործուած է Կոթընպըրկի համալսարանի փրոֆեսոր Ֆրետրիք Պեքի համագործայցութեամբ, կը ներառէր աղեստամոքսային պաքթիրիաներու ուսումնասիրութիւնը եւ պաքթիրիաներու յայտնաբերման գործընթացը, որոնք կրնային փոխազդուիլ «սալֆորաֆան»-ի հետ՝ հաւանական կապ ունենալով պրոքոլի-ի միացութեան արդիւնաւէտութեան հետագայ բարելաւման համար։
Քանակապէս, (դատարկ ստամոքսով) արեան շաքարի տարբերութիւնը եղած է 0.2 մմօլ/լիթր «սուլֆորաֆան» ստացած բոլոր մասնակիցներուն մօտ, բաղդատելով «փլասիպօ» ստացող խումբին հետ, այնուհետեւ, «սալֆորաֆան» ընդունած քլինիկական պայմաններով մասնակիցներու ենթախումբին մէջ աւելի մեծ տարբերութիւն եղած է՝ 0,4 մմօլ/լիթր: Ամենամեծ նուազումը (0.7 մմօլ/լիթր) նկատուած է անոնց մօտ, որոնք թէ՛ քլինիկական ենթախումբին մէջ եղած են եւ թէ՛ աղեստամոքսային պաքթիրիաներ ունեցած են։
Շուէտի մէջ նախաշաքարախտի տարածուածութիւնը կը գնահատուի տասը առ հարիւր, առանց յստակ բուժման կառուցուածքի։ Թէեւ հիւանդութիւնը յաճախ չի յայտնաբերուիր, կանուխ յայտնաբերումը կը բարձրացնէ 2-րդ տիպի շաքարախտի զարգացման կանխարգիլման կարելիութիւնը։ Անտերս Ռոզընկրենը կը շեշտէ հիւանդութեան կանուխ եւ անհատականացուած միջամտութեան կարեւորութիւնը։
«Նախաշաքարախտի բուժումները ներկայիս տակաւին լիարժէք չեն զանազան ուղղութիւններով, սակայն այս նոր յայտնագործութիւնները ճամբայ կը հարթեն հաւանական ճշգրիտ բուժումներու համար, ուր պրոքոլի-էն ստացուած «սալֆորաֆան»-ը կրնայ օգտագործուիլ որպէս գործառնական սնունդ։ Այնուամենայնիւ, ապրելակերպի գործօնները կը մնան որեւէ նախաշաքարախտի բուժման կեդրոնը, ներառեալ՝ մարզանքները, առողջապահական սնունդը եւ կշիռքի կորուստը», — ըսած է ան։
«Հետազօտութեան արդիւնքները նաեւ կ՛առաջարկեն ընդհանուր բացատրութիւն, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս մարմնի հիւանդութեան գործընթացները (փաթոֆիզիոլոճին) եւ աղիքային պաքթիրիաները (աղիքային ֆլորան) կը փոխազդեն եւ կ՛ազդեն բուժման արդիւնաւէտութեան վրայ՝ «մոտել» մը, որ կրնայ ունենալ աւելի լայն ազդեցութիւն այս ուսումնասիրութենէն դուրս եւ ազդել ապագայ բուժման եւ բժշկական հետազօտութիւններու վրայ», — եզրափակած է Անտերս Ռոզընկրենը։