Ջուրը յաճախ կ՛անուանեն կեանքի հեղուկ, որովհետեւ մարդկային օրկանիզմի իւրաքանչիւր համակարգ ջուրի կարիք ունի՝ առողջ գործելու համար։ Բայց օրական որքա՞ն հեղուկ պէտք է օգտագործէ մարդ, որպէսզի օգնէ օրկանիզմին առողջ ըլլալու։ Ինչի՞ կը նպաստէ հեղուկի օգտագործումը եւ ինչի՞ կրնայ յանգեցնել ջրազրկումը։ Այս բոլորին մասին նշուած է CNN Healthի յօդուածներէն մէկուն մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Բժշկութեան ազգային ակադեմիան կը յանձնարարէ օրական խմել 3,7 լիթր հեղուկ տղամարդոց եւ 2,7 լիթր՝ կիներու համար։ Սակայն ատոր սպառումի օրական «նորմ»ը մինչեւ օրս տարակարծութիւններ կը յառաջացնէ, հետեւաբար կ՛արժէ հարցը անհատական դիտարկել՝ կախեալ ըլլալով մարդու սեռէն, կշիռքէն, տարիքէն, ֆիզիքական աշխուժութենէն եւ այլն։
Հին «էմփիրիք» կանոնի համաձայն՝ մարդ օրական պէտք է խմէ ութ գաւաթ ջուր։ Այդ կրնայ անյաղթահարելի խնդիր թուիլ. պարտադիր չէ խմել նոյն քանակով ջուր, որովհետեւ H2O-ի մօտաւորապէս 20 առ հարիւրը մենք կը ստանանք «սոլիտ» սնունդէն, յատկապէս պտուղներէն եւ բանջարեղէններէն։ Շատ ջուր խմելը կարեւոր է, յատկապէս ամրան, բայց մարդ նաեւ կրնայ ծարաւը յագեցնել այն ուտելիքներու օգնութեամբ, որոնք ջուր կը պարունակեն։
Ի՞նչ օգուտ ունի ջուրը առողջութեան համար եւ ինչո՞վ վտանգաւոր է ջրազրկումը։
- Հեղուկի օգտագործումը կ՛օգնէ կառավարելու «քալորի»ներու սպառումը, ինչ որ կ՛ազդէ կշիռքին վրայ։
- Ջրազրկումը յաճախ կը շփոթուի անօթութեան հետ, որուն պատճառով մարդ աւելի կ՛ուտէ եւ աւելի «քալորի»ներ կը սպառէ:
- Հեղուկի օգտագործումը փափուկ կը դարձնէ յօդերը եւ կրնայ օգնել ֆիզիքական կեցուածքի պահպանման մարզանքներու ժամանակ։
- Ջրազրկումը կրնայ յանգեցնել այն բանին, որ մարդ յոգնի մարզանքներու ժամանակ եւ չկարենայ ժամանակին համընթաց քալել։
- Հեղուկի օգտագործումը կ՛օգնէ ուշադիր ըլլալու եւ կը բարելաւէ մարդուն կարճատեւ յիշողութիւնը եւ տրամադրութիւնը։
- Ջրազրկումը կրնայ յանգեցնել այն բանին, որ մարդ չկարենայ կեդրոնանալ, յառաջ կը բերէ խնդիրներ կարճատեւ յիշողութեան հետ կապուած, գրգռուածութիւն եւ տագնապի զգացողութիւն։
Գոյութիւն ունի «հայտրէյշըն»ի մակարդակի (ծարաւի զգացողութիւնը եւ մէզի գոյնը) գնահատման երկու միջոց։ Եթէ մարդ ծարաւ չ՛զգար, իսկ մէզը բաց դեղնաւուն է կամ գրեթէ թափանցիկ, կը նշանակէ, որ մարդ լաւ վիճակի մէջ է։
- Հեղուկի օգտագործումը կ՛օգնէ սրտին աւելի դիւրութեամբ արիւն մղելու արիւնատար անօթներուն եւ անիկա կը հասնի մկաններուն։
- Ջրազրկումը սրտին կը ստիպէ աշխատիլ աւելի արագ՝ անօթներուն արիւն մղելու ընթացքին։
- Հեղուկի բաւարար քանակը կը պահպանէ միզուղիներու առողջութիւնը եւ կը նուազեցնէ վարակներու թիւը։
- Ջրազրկումը կրնայ յանգեցնել աղերու եւ հանքանիւթերու բիւրեղացման մէզին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ երիկամներու ցաւոտ քարերու յառաջացման։
Ջուր պարունակող ուտելիքները, ինչպէս՝ վարունգը, խնձորը, «պրոքոլի»ն եւ ստեպղինը, պէտք է մտնեն մարդու օրուան կերակուրի բաժինին մէջ։
- Հեղուկի օգտագործման շնորհիւ մարսողական «թրաքթ»ը հեզասահ կ՛աշխատի։
- Ջրազրկումը կը յանգեցնէ այն բանին, որ օրկանիզմը հեղուկ կը վերցնէ կղանքէն՝ յառաջ բերելով ուռեցք եւ պնդութիւն։
- Հեղուկի օգտագործումը կը նուազեցնէ գլխացաւի տեւողութիւնը եւ սաստկութիւնը։
- Ջրազրկումը կրնայ նպաստել «միկրեն»ի յառաջացման, եթէ մարդ ունի այդ հիւանդութիւնը։
Մարդու մը միջին հաշիւով անհրաժեշտ է 30-40 միլիլիթր ջուր 1 քիլոկրամ մարմնի զանգուածի համար՝ հաշուի առնելով ուտելիքներու ցանկը։ Այդ քանակը հաշուարկուած է չափաւոր ֆիզիքական աշխուժութեան եւ ոչ տաք եղանակի համար։
Թելադրութիւններ, որոնք կ՛օգնեն օրական անհրաժեշտ քանակութեամբ ջուր օգտագործելուն.
-Մէկ շիշ ջուր առէք ձեզի հետ։
-Ընտրեցէ՛ք ջուրը ուտելիքի փոխարէն, երբ տունը չէք։
-Ջուր խմեցէ՛ք ուտելիքի ընդունումներու միջեւ։
-Շատ պտուղներ եւ բանջարեղէններ կերէ՛ք։