Ընդհանուր ակնարկ
Սարքոմաները հազուագիւտ քաղցկեղներ են, որոնք կը զարգանան ոսկորներու եւ փափուկ հիւսուածքներու մէջ, ներառեալ՝ ճարպ, մկաններ, արեան անօթներ, նեարդներ, խորունկ մորթի հիւսուածքներ եւ մանրաթելային հիւսուածքներ:
Քաղցկեղի ազգային հիմնարկին համաձայն, փափուկ հիւսուածքի սարքոմայի մօտաւորապէս 12,000 պարագաներ եւ ոսկորի սարքոմայի 3,000 պարագաներ կ՛ախտորոշուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իւրաքանչիւր տարի: Ոսկորի սարքոմաները աւելի տարածուած են փոքրիկներուն մօտ, մինչ փափուկ հիւսուածքի սարքոման՝ մեծերու մօտ:
Սարքոմայի տեսակներ
Սարքոմաները կը դասակարգուին իբրեւ փափուկ հիւսուածքի կամ ոսկորի սարքոմա, կախեալ ըլլալով, թէ մարմնին ո՞ր մասերուն մէջ կը զարգանան անոնք:
Փափուկ հիւսուածքի սարքոմա
Փափուկ հիւսուածքի սարքոմաները կը յառաջանան մարմնին փափուկ հիւսուածքներէն եւ առաւելաբար կը գտնուին ձեռքերուն, ոտքերուն, կրծքավանդակին կամ որովայնին մէջ: Փափուկ հիւսուածքի ուռուցքները կրնան պատահիլ թէ՛ փոքրիկներուն եւ թէ՛ մեծերուն մօտ:
Ոսկորի սարքոմա
Ոսկորի սարքոմաները առաջնային ոսկրային ուռուցքներ են, որոնք կ՛աճին ոսկորներուն մէջ: Անոնք առաւել եւս կ՛ախտորոշուին փոքրիկներուն մօտ: Բացի «օսթէոսարքոմա»ներէն, որոնք առաջնային ոսկրային քաղցկեղի ամէնէն տարածուած ձեւն են, կան ոսկրային ուռուցքներու քանի մը այլ տեսակներ:
Սարքոմայի վտանգի գործօններ
Սարքոմաներու մեծ մասը յայտնի պատճառ չունին, թէեւ կան քանի մը գործօններ, որոնք կրնան բարձրացնել սարքոմայի զարգացման վտանգը: Սարքոմայի վտանգի ամենէն տարածուած գործօնները կը ներառեն.
–Ճառագայթային թերափիի անցեալ. հիւանդներ, որոնք ենթակայ եղած են ճառագայթային թերափիի, նախապէս պատահած քաղցկեղներու պատճառով, կրնան սարքոմայի զարգացման բարձր վտանգին ենթակայ ըլլալ:
–Ժառանգական խանգարումներ. հիւանդներ, որոնք ժառանգական խանգարումներու ընտանեկան պատմութիւն ունին, ինչպէս՝ «Վոն Ռեքլինկհաուզըն»ի հիւանդութիւնը (նիւրոֆայպրոմադոսիզ), »Կարտնըր»ի համախտանիշ, «Ուըրնըր»ի համախտանիշ, «Դիւպըրըս սքլերոսիզ», «Նիվոյտ պէյզըլ բջիջային սարսինոմա»ի համախտանիշ, «Լի Ֆրաումեն»ի համխտանիշ կամ «Րէթինոպլասթոմա», ենթակայ են սարքոմա ունենալու բարձր վտանգին:
–Քիմիական ազդեցութիւն. «վինիլ քլորայտ մոնոմըր»ի (նիւթ մը, որ կ՛օգտագործուի «փլասթիք»ներու կազմութեան համար), «տիոքսին» կամ մկնդեղի ազդեցութեան ենթակայ եղողներ կրնան նոյնպէս սարքոմայի բարձր վտանգ ունենալ: Այնուամենայնիւ, սարքոմաներու մեծ մասը յստակ չէ, թէ միջավայրի յատուկ վտանգներու հետ կապ ունի՞ն, թէ՝ ո՞չ:
–Երկարատեւ ուռեցք. Ձեռքերուն կամ ոտքերուն մէջ երկարատեւ «լիմֆետեմա» կամ ուռեցք ունենալը կրնայ բարձրացնել սարքոմայի զարգացման վտանգը:
Սարքոմայի ախտանշաններ
Փափուկ հիւսուածքի սարքոմայի կանուխ նշաններ կրնան ներառել՝ ցաւէ զուրկ կոյտերը կամ ուռեցքները: Կարգ մը սարքոմաներ կրնան որեւէ ախտանշան ցոյց չտալ մինչեւ անոնց մեծնալը եւ նեարդներուն, օրկաններուն կամ մկաններուն վրայ ճնշելը: Անոնց աճը կրնայ ցաւ պատճառել, ինչպէս նաեւ՝ յագեցուածութեան կամ շնչառութեան հետ կապուած խնդիրներ:
Ոսկրային սարքոմայի ամենէն տարածուած ախտանշանները կը ներառեն հետեւեալները.
-Ցաւ եւ/կամ ձեռքի ու ոտքի ուռեցք, մէջքի, կոնքի կամ կռնակի. ուռեցքը ձեռքի հպումով կրնայ տաք զգացուիլ կամ չզգացուիլ:
-Սահմանափակ շարժում յօդի մէջ
-Անյայտ ծագումով տաքութիւն
-Առանց ակնյայտ պատճառի ոսկորի կոտրուածք
Այս ախտանշանները կրնան բազմաթիւ այլ բժշկական պայմաններու նշաններ ըլլալ: Միշտ պէտք է դիմել բժիշկի՝ ճիշդ ախտորոշումի համար:
Սարքոմայի Բուժում
Սարքոման կրնայ բուժուիլ քիմոթերափիի, ճառագայթային թերափիի եւ վիրահատութեան համակցութեամբ: Վիրահատական տարածքի վերականգնումը սովորաբար տեղի կ՛ունենայ ուռուցքի հեռացման ժամանակ:
Սարքոմայի բուժման ծրագիրը եւ ապաքինումը կախեալ են զանազան գործօններէ, որոնք կը ներառեն հետեւեալները.
-սարքոմայի տեսակը
-ուռուցքին վայրը, աստիճանը եւ չափը
-տարիքը
-քաղցկեղը նո՞ր է, թէ՝ կրկնուա՞ծ
Առաջնային ուռուցքներու պարագային, ճառագայթում կ՛օգտագործուի վիրահատութեան հետ միատեղ (նախապէս կամ ետքը) նուազեցնելու համար ուռուցքին կրկնութեան վտանգը:
«Մեթասթաթիք» հիւանդներու (քաղցկեղը, որ տարածուած է մարմնին այլ բաժինները) համար, «սթերէոթէքթիք» ռատիովիրաբուժութիւնը կ՛առաջարկէ վիրահատութեան ոչ «ինվէյզիւ» այլընտրանք:
Մեկուսացուած «մեթասթազ»ով հիւանդները կրնան բուժուիլ ճառագայթումով՝ քիմոթերափիի, ինչպէս նաեւ՝ «սթերէոթէքթիք» ռատիովիրաբուժութեամբ: Ճառագայթումը անհրաժեշտ միջոց մըն է բարձր աստիճանի ուռուցքներու մեծ մասի բուժման համար: