Ընդհանուր ակնարկ
«Սիքըլ սէլ անիմիա»ն ժառանգական խանգարումներու խումբերէն մէկն է, որ յայտնի է որպէս «սիքըլ սէլ» հիւանդութիւն: Անիկա կ՛ազդէ արեան կարմիր բջիջներու ձեւին վրայ, որոնք թթուածին կը ղրկեն մարմնին բոլոր մասերուն:
Արեան կարմիր բջիջները սովորաբար կլոր են եւ ճկուն, ուստի անոնք դիւրութեամբ կը շարժին արեան անօթներուն միջով: «Սիքըլ սէլ անիմիա»ի պարագային արեան կարմիր բջիջները ունին մանգաղի կամ կիսալուսնի ձեւ: Այս բջիջները նաեւ կը դառնան կարծր եւ կպչուն, ինչ որ կրնայ դանդաղեցնել կամ արգելափակել արեան հոսքը:
Բուժման ներկայի մօտեցումը կը միտի ցաւը թեթեւցնել եւ հիւանդութեան բարդութիւնները կանխարգիլել: Այնուամենայնիւ, աւելի նոր միջոցներ կրնան օգնել, որ մարդիկ բուժուին այս հիւանդութենէն:
Ախտանշաններ
«Սիքըլ սէլ անիմիա»ի ախտանշանները ընդհանրապէս ի յայտ կու գան 6 ամսոան ընթացքին: Անոնք կը տարբերին անձէ անձ եւ կրնան փոխուիլ ժամանակի ընթացքին:
Ախտանշանները կրնան ներառել.
- Անիմիա. «սիքըլ» բջիջները դիւրութեամբ կը քայքայուին եւ կը մեռնին: Արեան բնատիպ կարմիր բջիջները սովորաբար կ՛ապրին մօտաւորապէս 120 օր մինչեւ անոնց փոխարինումը, սակայն «սիքըլ» բջիջները ընդհանրապէս կը մեռնին 10էն 20 օրուան ընթացքին՝ յառաջացնելով կարմիր բջիջներու պակաս: Ասիկա ճանչցուած է որպէս «անիմիա»: Առանց բաւարար քանակութեամբ արեան կարմիր բջիջներու, մարմինը չի կրնար բաւարար թթուածին ստանալ, ինչ որ կը յառաջացնէ յոգնածութիւն:
- Ցաւային ճգնաժամ. ծայրայեղ ցաւի պարբերական ճգնաժամեր, «սիքըլ» բջիջներու անիմիայի հիմնական ախտանիշն են: Ցաւը կը զարգանայ, երբ արեան կարմիր «սիքըլ» բջիջները կ՛արգելափակեն արեան հոսքը փոքրիկ արիւնատար անօթներու միջով դէպի կրծքավանդակ, որովայն եւ յօդեր:
Ցաւը կը տարբերի սաստկութենէն, որ կրնայ տեւել քանի մը ժամէն մինչեւ քանի մը օր: Կարգ մը մարդիկ տարեկան կ՛ունենան միայն քանի մը ցաւային ճգնաժամեր, իսկ ուրիշներ՝ տասնեակ մը կամ աւելի: Ծանր ցաւային ճգնաժամը կը պահանջէ հիւանդանոցային կարիք:
Սիքըլ սէլ անիմիա ունեցող կարգ մը մարդիկ նաեւ «քրոնիք» ցաւ կ՛ունենան ոսկորներու եւ յօդերու վնասուածքներէ, խոցերէ եւ այլ պատճառներէ:
- Ձեռքերու եւ ոտքերու ուռեցք. «սիքըլ սէլ» արեան կարմիր բջիջները կ՛արգելափակեն արեան շրջանառութիւնը դէպի ձեռքերը եւ ոտքերը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել անոնց ուռելուն:
- Յաճախակի բորբոքումներ. «սփլին»ը կարեւոր է բորբոքումներէ պաշտպանուելու համար: «Սիքըլ» բջիջները կրնան վնասել «սփլին»ը՝ բարձրացնելով բորբոքումներու զարգացման վտանգը: «Սիքըլ սէլ» անիմիա ունեցող փոքրիկները սովորաբար կը ստանան պատուաստներ եւ հակապայոթիքներ՝ կեանքին վնաս սպառնացող բորբոքումները կանխելու համար, ինչպէս՝ թոքաբորբոքումը:
- Ուշացած աճ կամ սեռային հասունութիւն. արեան կարմիր բջիջները մարմնին կը հայթայթեն աճումի համար անհրաժեշտ թթուածին եւ սննդանիւթեր: Առողջ արեան կարմիր բջիջներու պակասը կրնայ դանդաղեցնել նորածիններու եւ փոքրիկներու աճը եւ յետաձգել դեռահասներու սեռային հասունութիւնը:
- Տեսողութեան խնդիրներ. փոքր արիւնատար անօթները, որոնք արիւն կը հայթայթեն աչքերուն, կրնան խցանուիլ «սիքըլ» բջիջներով: Ասիկա կրնայ վնասել աչքին այն հատուածը, որ կը կոչուի ցանցաթաղանթ եւ կը յանգեցնէ տեսողութեան խնդիրներու:
Ե՞րբ դիմել բժիշկի
Անմիջապէս դիմեցէք ձեր բժիշկին, եթէ դուք կամ ձեր զաւակը ունի «սիքըլ սէլ անիմիա»ի ախտանշաններ, ներառեալ՝ տաքութիւն եւ կաթուած:
Բորբոքումները յաճախ կը սկսին տաքութեան բարձրացումով եւ կրնան կեանքին վտանգ ներկայացնել:
Նկատի ունենալով, որ «սիքըլ սէլ անիմիա» ունեցող փոքրիկները հակամէտ են բորբոքումներու, անյապաղ բժշկական օգնութեան դիմեցէք, եթէ տաքութիւնը 38,5 աստիճանէն աւելի բարձր է:
Փնտռեցէ՛ք շտապ օգնութիւն կաթուածի ախտանշաններուն համար, որոնք կը ներառեն.
- Երեսի, ձեռքերու կամ ոտքերու միակողմանի կաթուած կամ տկարութիւն
- Խառնաշփոթութիւն
- Դժուարութիւն քալելու եւ խօսելու
- Յանկարծակի տեսողութեան փոփոխութիւններ
- Անբացատրելի թմրութիւն
- Զօրաւոր գլխացաւ