Սիքըլ սէլ անիմիան կը յառաջանայ այն «ճին»ի փոփոխութեան պատճառով, որ մարմնին հրահանգ կու տայ «հիմոկլոպին» արտադրելու: «Հիմոկլոպին»ը՝ արեան կարմիր բջիջներուն երկաթով հարուստ միացութիւնն է, որ կ՛արտօնէ այս բջիջներուն թթուածին տեղափոխելու թոքերէն դէպի մարմնին մնացեալ մասերը: «Հիմոկլոպին»ը, որ կապուած է սիքըլ սէլ անիմիայի հետ պատճառ կը դառնայ, որ արեան կարմիր բջիջները կարծրանան եւ կպչուն ու տձեւ դառնան:
Որպէսզի փոքրիկ մը սիքըլ սէլ անիմիա ունենայ, երկու ծնողները պէտք է կրեն «սիքըլ սէլ ճին»ի 1ական օրինակ եւ իրենց զաւակին փոխանցեն երկու օրինակները:
Եթէ ծնողներէն միայն մէկը «սիքըլ սէլ ճին»ի իր օրինակը փոխանցէ զաւակին, ապա այդ փոքրիկը կ՛ունենայ սիքըլ սէլի յատկանիշը եւ ոչ հիւանդութիւնը: Մէկ բնատիպ «հիմոկլոպինի ճին»ի եւ մէկ «սիքըլ սէլ ճին»ի առկայութեան պարագային, սիքըլ սէլի յատկանիշով անձեր կրնան արտադրել թէ՛ բնատիպ «հիմոկլոպին» եւ թէ՛ սիքըլ սէլ «հիմոկլոպին»: Անոնց արիւնը կրնայ պարունակել սիքըլ սէլեր, սակայն հիմնականին մէջ ախտանշաններ չեն ունենար: Անոնք հիւանդութիւնը կրողներն են, որ կը նշանակէ, թէ կրնան փոխանցել «ճին»ը իրենց զաւակներուն:
Վտանգի գործօններ
Մանուկ մը սիքըլ սէլ անիմիա ունենալու համար, ծնողներէն երկուքը պէտք է կրեն «սիքըլ սէլ ճին»ը:
Բարդութիւններ
Սիքըլ սէլ անիմիան կրնայ յանգեցնել շարք մը բարդութիւններու, ներառեալ՝
.Կաթուած. սիքըլ բջիջները կրնան կանգնեցնել արեան հոսքը դէպի ուղեղ: Կաթուածի նշաններ կ՛ընդգրկեն՝ նոպաներ, տկարութիւն կամ ձեռքերու եւ ոտքերու թմրութիւն, խօսակցութեան յանկարծակի դժուարութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ գիտակցութեան կորուստ: Եթէ ձեր զաւակը ունի այս նշաններէն կամ ախտանշաններէն որեւէ մէկը, անմիջապէս որոնեցէք բժշկական օգնութիւն, որովհետեւ կաթուածը կրնայ մահացու ըլլալ:
.Սուր կրծքավանդակի համախտանիշ. թոքի բորբոքում մը կամ սիքըլ բջիջներ, որոնք կ՛արգելափակեն թոքերուն մէջ գտնուող արիւնատար անօթները, կրնան յառաջացնել կեանքին սպառնացող բարդութիւններ: Ախտանշանները կը ներառեն՝ կրծքավանդակի ցաւ, տաքութիւն եւ շնչառութեան դժուարութիւն: Սուր կրծքավանդակի համախտանիշը կրնայ շտապ բժշկական օգնութեան կարիքը ստեղծել:
.Անօթային նեքրոզ. սիքըլ սէլեր կրնան արգելափակել այն արիւնատար անօթները, որոնք արիւն կը հայթայթեն ոսկորներուն: Երբ ոսկորները բաւարար արիւն չեն ստանար, յօդերը կրնան նեղնալ եւ ոսկորները կրնան մեռնիլ: Այս կրնայ պատահիլ մարմնին որեւէ հատուածին մէջ, սակայն յաճախ՝ կոնքին մէջ:
.Թոքային ճնշում. սիքըլ սէլ անիմիայով մարդոց թոքերուն մէջ արեան բարձր ճնշում կրնայ զարգանալ: Այս բարդութիւնը ընդհանրապէս կրնայ ազդել տարիքով մեծերուն: Շնչառութեան պակասը եւ յոգնածութիւնը այս կացութեան հասարակ ախտանշաններն են, որոնք կրնան մահացու ըլլալ:
.Օրկանի վնասուածք. սիքըլ սէլեր, որոնք կը կանգնեցնեն արեան հոսքը դէպի օրկաններ, կը զրկեն վնասուած օրկանները արիւնէն եւ թթուածինէն: Սիքըլ սէլ անիմիայի պարագային, արեան մէջ նոյնպէս թթուածինի պակաս կայ: Թթուածինով հարուստ արեան պակասը կրնայ վնասել ջիղերը եւ օրկանները, ներառեալ՝ երիկամները, լեարդը եւ «սփլին»ը ու կրնայ մահացու ըլլալ:
.«Սփլինիք արգելափակում». բժշկական կացութիւն մը, որ տեղի կ՛ունենայ, երբ մեծ թիւով սիքըլ արեան կարմիր բջիջներ կ՛արգելափակուին «սփլին»ին մէջ: Ասոր իբրեւ հետեւանք, «սփլին»ը արագօրէն կ՛ընդլայնի, որ կը յանգեցնէ «հիմոկլոպին»ի յանկարծակի անկման՝ պատճառելով սուր անիմիա: Այս կացութիւնը կեանքին սպառնացող լուրջ բարդութիւն է, յատկապէս սիքըլ սէլ անիմիա ունեցող փոքրիկներուն պարագային:
.Կուրութիւն. սիքըլ սէլեր կրնան արգելափակել արիւնատար փոքր անօթները, որոնք արիւն կը մատակարարեն աչքերուն: Ժամանակի ընթացքին, այս կրնայ յանգեցնել կուրութեան:
.Ոտքերու խոցեր. սիքըլ սէլ անիմիան կրնայ յառաջացնել ցաւ պատճառող, բաց վէրքեր ոտքերուն վրայ:
.Լեղապարկի քարեր. Արեան կարմիր բջիջներու քայքայումը կ՛արտադրէ «պայլիրուպին» կոչուած նիւթը: Մարմնին մէջ «պայլիրուպին»ի բարձր մակարդակը կրնայ առաջնորդել լեղապարկի քարերու յառաջացման:
.Փրիափիզմ. սիքըլ սէլ անիմիան կրնայ յանգեցնել ցաւ պատճառող, երկարատեւ «իրէքշըն»ներու, որ կը կոչուի «փրիափիզմ»: Սիքըլ սէլեր կրնան արգելափակել առնանդամի արիւնատար անօթները, ինչ որ ժամանակի ընթացքին կրնայ յանգեցնել սեռային կարողութեան խանգարումին:
.Խորունկ երակային «թրոմպոսիզ». սիքըլ արեան կարմիր բջիջները իրենց ձեւին պատճառով կրնան դիւրութեամբ յառաջացնել արեան մակարդուկներ, որոնք արեան միջով անցնելով կրնան տեղաւորուիլ խորունկ երակի մէջ, պատճառ դառնալով խորունկ երակային «թրոմպոսիզ»ի:
.Յղութեան բարդութիւններ. սիքըլ սէլ անիմիան կրնայ արեան բարձր ճնշման եւ արեան թանձրացման վտանգը բարձրացնել յղութեան շրջանին: Անիկա կրնայ բարձրացնել նաեւ վիժումի, բնականէն պակաս կշիռք ունեցող մանուկներու, ինչպէս նաեւ՝ վաղաժամ ծննդաբերութեան վտանգին:
Կանխարգիլում
Եթէ ունիք սիքըլ սէլի յատկանիշը, ապա նախքան յղի մնալը, ձեզի կրնայ օգնել «ճենեթիք» խորհրդատուի մը հետ հաղորդակցութիւնը: Խորհրդատուն կրնայ օգնել բացատրելու սիքըլ սէլ անիմիայով զաւակ ունենալու վտանգը: Դուք կրնաք նաեւ ծանօթանալ հաւանական բուժումներու, կանխարգելիչ միջոցառումներու, ինչպէս նաեւ՝ վերարտադրողական տարբերակներու մասին: