Լոնտոնի Քինկս քոլեճի (KCL) գիտնականները բացայայտած են, որ ընդմիջուող ծոմապահութիւնը կրնայ բարելաւել տրամադրութիւնը, բարձրացնել «էնըրճի»ն եւ նուազեցնել անօթութիւնը, յայտնած է քոլեճի կայքը։
Հետազօտութեան մասնակցած է 37,545 մարդ։ Անոնք առաջին շաբթուան ընթացքին սնունդ ստացած են սովորական ձեւով, իսկ յետոյ եօթ օր անցած են ընդմիջուող ծոմապահութեան: Անոնք իրենց «սմարթֆոն»ի յատուկ յաւելուածին կ՛ուղարկէին ամէնօրեայ հաշուետուութիւն՝ իրենց ճաշի ժամերուն, աշխուժութեան, տրամադրութեան եւ անօթութեան մասին: Տուեալներու վերլուծումը հաստատած է, որ 10 ժամուան ժամկէտով սնունդի ստացման սահմանափակումը եւ մնացեալ14 ժամուան ընթացքին ծոմ պահելը զգալիօրէն կը բարելաւէ ինքնազգացողութիւնը եւ կը նուազեցնէ անօթութեան զգացումը:
Մասնակիցներուն 51 առ հարիւրը, որոնք ամենէն խիստ ձեւով հետեւած են ընդմիջուող ծոմապահութեան, նշած են կշիռքի աննշան կորուստ՝ երկուքէն 16 շաբթուան ընթացքին: Այս արդիւնքը համահունչ է այլ ուսումնասիրութիւններու, որոնք նաեւ ցոյց տուած են, որ սնունդի ժամանակի սահմանափակումը հիւանդութեան բարձր վտանգի խումբին մէջ գտնուող մարդոց մօտ կրնայ կանխել 2-րդ տիպի շաքարախտը: