Որոշ երկիրներու մէջ, «քորոնա» ժահրով վարակումի դէպքերու թիւը կ՛աճի մեկուսացումի նուազեցման զուգահեռ: Մարդիկ պէտք է շարունակեն պահել նախազգուշական միջոցառումները, կը պնդեն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մասնագէտները:
«Ինչ կը վերաբերի (դէպքերու թիւի) աճին, ապա այո, մենք նկատած ենք ամբողջ աշխարհի երկիրներուն մէջ,- ես չեմ խօսիր բառացիօրէն Եւրոպայի մասին,- երբ մեկուսացումը նուազած է, երբ ընկերային հեռաւորութեան պահպանման միջոցառումները կը մեղմանան, մարդիկ երբեմն այդ մէկը հետեւեալ ձեւով կ՛ընկալեն. «Լաւ, ամէն ինչ աւարտեցաւ»», – Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի զրոյցին ընթացքին ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Մարկարեթ Հարիս:
«Ոչ մէկ բան աւարտած է քանի դեռ ամբողջ աշխարհի մէջ ժահրը չէ անհետացած», – ըսած է մասնագէտը:
Հարիս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ցոյցերու մասնակիցներուն նաեւ կոչ ուղղած է՝ ցոյցերու ժամանակ, նոյնպէս նախազգուշական միջոցառումներ ձեռնարկել: