Պոսթընի Թաֆթս համալսարանի նոր ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ միջին տարիքին օրաբաժնին մէջ աւելի սպիտակուցներ, յատկապէս բուսական ծագումով սպիտակուցներ ներառելը կապուած է կիներու աւելի առողջ ծերացման հետ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան Ճին Մայըրի անուան Մարդու սնունդի ընդունման եւ ծերացման հետազօտութիւններու կեդրոնի (HNRCA) գիտնականներու ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է American Journal of Clinical Nutritionին մէջ:
Գիտնականները վերլուծած են Հարվըրտի հիւանդապահուհիներու առողջութեան ուսումնասիրութեան տուեալները․1984-2016 թուականներուն ընթացքին հարցաթերթիկներ տրուած են 48000 կին հիւանդապահուհիներու:
Սնունդի օրաբաժինը գնահատելու համար, անոնք ուսումնասիրած են հազարաւոր հարցաթերթիկներ, որոնք մասնակիցները ամբողջացուցած են 4 տարին անգամ մը՝ 1984-2016 թուականներուն: Հետազօտութեան մասնակիցները արձանագրած են, թէ որքան յաճախ անոնք օգտագործած են որոշ ուտելիքներ, որոնց հիման վրայ հետազօտողները հաշուարկած են անոնց սպիտակուցի օգտագործումը:
Այնուհետեւ հետազօտողները օգտագործած են Հարվըրտի համալսարանի սննդամթերքի կազմի տուեալներու «տաթա»ն՝ օգտագործուած սպիտակուցի ընդհանուր քանակը հաշուարկելու համար:
Մասնակիցները առողջական վիճակի մասին հարցաթերթիկներ ամբողջացուցած են 2014 թուականին եւ ուսումնասիրութեան վերջաւորութեան՝ 2016 թուականին: 2016ին անոնք նաեւ հարցաթերթիկ ամբողջացուցած են իրենց հոգեկան առողջութեան եւ ֆիզիքական գործունէութեան մակարդակին վերաբերեալ:
Հետազօտողները բաղդատած են ոչ մէկ քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներու սնունդի օրաբաժինը այն մարդոց սնունդի օրաբաժնի հետ, որոնք յայտնած են առնուազն մէկ հիւանդութեան մասին։
Թէեւ միջին տարիքին որեւէ տեսակի սպիտակուցի օգտագործումը կապուած է աւելի առողջ ծերացման հետ, ըստ երեւոյթին, բուսական սպիտակուցը աւելի օգտակար ազդեցութիւն ունի, եզրակացուցած են գիտնականները:
1984 թուականին բուսական սպիտակուցը սահմանուած է որպէս սպիտակուց, որ կը ստացուի՝
- հացէն,
- բանջարեղէնէն,
- պտուղներէն,
- բիցցայէն,
- հացագործական արտադրութիւններէն
- գետնախնձորի փիւրէէն,
- ընկոյզէն,
- լուբիայէն,
- պիստակի կարագէն,
- մաքարոնեղէնէն։
Հետազօտողները բացայայտած են, որ այն կիները, որոնք աւելի շատ սպիտակուց ստացած են այս ուտելիքներէն, 46%-ով աւելի մեծ հաւանականութիւն ունին առողջ մնալու տարեց տարիքին:
Եւ հակառակը, անոնք, որոնք իրենց սպիտակուցի մեծ մասը ստացած են կենդանական աղբիւրներէն՝ միսէն, կաթէն, ձուկէն, այլ ծովամթերքներէն եւ պանիրէն, տարիքի հետ 6%-ով աւելի քիչ հաւանականութիւն ունին առողջ ըլլալու, յայտնած են գիտնականները: